Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր յղած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին՝ անոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձին առիթով։ Իր գիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը արժեւորած է Սրբազան Հօր 49-ամեայ հոգեւոր եւ մտաւորական ծառայութիւնը, ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ հանդէպ անոր անմնացորդ նուիրումը։
Ստորեւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ᾿ողջունենք Ձեզ, Սիրելի՛ Սրբազան:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ, Գնդապետ Արամ Սարաֆեանի Մեզի ուղղած 26 Հոկտեմբեր 2026 թուակիր նամակէն ուրախութեամբ իմացանք, որ յառաջիկայ Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, Ազգ. Առաջնորդարանի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին պիտի նշուին Ձեր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակը եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձը:
Արդարեւ, 49 տարիներ շարունակ, դուք որպէս Հոգեւոր Հովիւ, Առաջնորդական Փոխանորդ, եւ ապա՝ Առաջնորդ, ամբողջական նուիրումով ծառայեցիք մեր ժողովուրդին, յատկապէս Արեւելեան թեմին ճամբով: Քաջածանօթ ըլլալով Ձեր ծառայական կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, կրնանք վկայել, թէ Ձեր ծառայութիւնը եղաւ հետեւողական ոգիով, խոր հաւատքով ու անմնացորդ նուիրումով շաղախուած ծառայութիւն: Աստուածաշնչական արժէքներու ու ճշմարտութեանց նկատմամբ Ձեր ամուր հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նկատմամբ Ձեր զօրեղ կապուածութիւնը, դարձան մղիչ ուժերը Ձեր ծառայական կեանքին:
Հովուական ծառայութեան առընթեր, դուք նաեւ գնահատելի աշխատանք տարիք մտաւորական մարզէն ներս: Ձեր երիտասարդ տարիներուն հրատարակած «Մեր Հայրերը կը Խօսին» հատորներու շարքը, «Մայր Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց»ը, եւ այլ աշխատասիրութիւններ ու յօդուածներ, շօշափելի կերպով ցոյց կու տան գիրի ու գրականութեան մարզէն ներս Ձեր ունեցած կարեւոր ներդրումը:
Անհատներու ու կառոյցներու կեանքին մէջ ծննդեան տարեդարձները կամ գործունէութեան առնչուած հանգրուանները առիթներ են ինքնաքննութեան, եւ հոգեւորականի պարագային՝ եկեղեցւոյ ու ազգին համար աւելին կատարելու եւ տալու յանձնառութեան: Վստահ ենք, որ հովուական թէ մտաւորական մարզերէն ներս Ձեր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով պիտի շարունակէք Ձեր աշխատանքը:
Այսու գրով Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Ձեզի, եւ կ᾿աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի շնորհէ քաջառողջ կեանք, որպէսզի կարենաք նոյն նուիրումով հարստացնել Ձեր ծառայական կեանքը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
10 Նոյեմբեր 2026
Անթիլիաս, Լիբանան