image

Մտորումներ թափառական հրեայի մասին (Բ). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Մտորումներ թափառական հրեայի մասին (Բ). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Հրէից հա­մար «Ան­գամ մըն ալ եր­բեք» կար­գա­խօսը կ՚ակ­նարկէ մարդկա­յին պատ­մութեան մե­ծագոյն ոճի­րին՝ Հո­լոքոս­տին։

Հիթ­լե­րեան ֆա­շիզ­մը այդ ոճի­րը գոր­ծե­լու պա­հուն շա­հագոր­ծեց թէ՛ գեր­մա­նացի եւ թէ հա­մաշ­խարհա­յին հա­սարա­կու­թեան կող­մէ իւ­րա­ցուած հրեատեացու­թիւնը։ Նա­խորդ յօ­դուա­ծին մէջ ալ նշած էինք թէ ատե­լու­թեան այդ եղա­նակը պատ­մա­կան ինչպի­սի ար­մատներ ու­նի։ Այդ նող­կա­լի քա­րոզ­չութիւ­նը կը մի­տէր ժո­ղովուրդնե­րը հա­մոզել թէ տի­րող հա­մատա­րած աղ­քա­տու­թեան պատ­ճա­ռը ագահ հրեայ վա­ճառա­կան­նե­րու ան­յագ կե­ղեքու­մին հե­տեւանքն է։

Հայ ըն­թերցո­ղը այս տո­ղերը կար­դա­լով իս­կոյն զու­գա­հեռ­ներ պի­տի գու­շա­կէ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան քա­ղաքա­ցի հա­յոց եւ յու­նաց դէմ տա­րածո­ւած նոյն խօ­սոյ­թին, որ հիմ­նա­կան դրդա­պատ­ճա­ռը դար­ձաւ երկրի բնիկ ժո­ղովուրդնե­րու դէմ ծա­ւալող ատե­լու­թեան։

Ազ­գայնա­կան կամ ցե­ղապաշտ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան հա­մար օդի կամ ջու­րի հա­մազօր անհրա­ժեշ­տութիւն է գո­յաց­նել հա­կառա­կորդ մը եւ ատե­լու­թեան սլաք­նե­րը ուղղել այդ հա­կադ­րո­ւածին։

Ճիշդ ալ այս պա­հուն կը յայտնուի Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան դէմ ըլ­լա­լու եւ հրեատեացու­թեան խիստ կա­րեւոր տար­բե­րու­թիւնը։

Հրեատեացու­թիւնը հա­յատեացու­թեան կամ թրքա­տեացու­թեան նման մարդկու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած յան­ցա­գոր­ծութիւն է։ Միւս կող­մէ Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան գոր­ծադրած ցե­ղաս­պան ռազ­մա­վարու­թեան դէմ դի­մադ­րելն ալ հա­մամարդկա­յին պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն։

Ստի­պուած ենք ու­շիմ ըլ­լա­լու եւ այս եր­կուքը իրար­մէ զա­նազա­նելու։ Գլխա­ւորու­թեամբ ԱՄՆ-ի, ամ­բողջ արեւ­մուտը դի­տումնա­ւոր կեր­պով իրա­րու կը հա­ւասա­րէ Իս­րա­յէլի պե­տու­թեան քննա­դատու­թիւնը եւ հրեատեացու­թիւնը։ Պե­տու­թեան մը ան­մարդկա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւնը քննա­դատող­նե­րը իս­կոյն կը մե­ղադ­րո­ւին հրեատեացու­թեամբ։ Ծանր պատ­ժա­միջոց­նե­րով կ՚ար­գի­լուի անոնց բո­ղոքե­լու իրա­ւունքը։

Միւս կող­մէ Թուրքիոյ մէջ ալ կը գոր­ծադրո­ւի ընդհա­կառա­կը եւ իբ­րեւ թէ Իս­րա­յէլի քա­ղաքա­կանու­թիւնը քննա­դատե­լու երե­ւոյ­թի ետին կը բե­մադ­րուի կրօ­նական դրդումնե­րով գոր­ծադրո­ւած ատե­լու­թեան խօ­սոյ­թը։

Անոնք Կազ­զա­յի մէջ պա­տահած­նե­րու նկատ­մամբ իբ­րեւ թէ գերզգա­յուն են, միայն այն պատ­ճա­ռով որ կազ­զա­ցինե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը մահ­մէ­տական են։

Այլ օրի­նակ­նե­րու մէջ մահ­մէ­տական­նե­րու սպան­դը հե­ռուից դի­տող­նե­րը, երբ մե­ղադ­րո­ւողը այ­լակրօն մըն է, իս­կոյն կը փու­թան ձայն բարձրաց­նե­լու։

Նիւ­թը իս­կա­պէս ալ զգօ­նու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Պար­տինք խու­սա­փիլ ամէն տե­սակի հա­ւաքա­կան ատե­լու­թեան թու­նա­ւոր մի­ջավայ­րէն։ Փո­խարէ­նը հա­մաշ­խարհա­յին զօ­րակ­ցութեամբ դի­մադ­րենք մո­լեռան­դութեան դէմ։ Իս­րա­յէլը ստանձնե­րով ԱՄՆ-ի գա­ղու­թա­տիրա­կան սկզբունքնե­րու պա­հապա­նի դե­րը ար­դէն իսկ ճշտած եղաւ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան դի­մաց իր դիր­քը։ Այդ դիր­քը պա­տուա­բեր չէ ոչ մէկ ժո­ղովուրդի հա­մար։

Հե­տեւա­բար ան­կախ երկրի հո­ղային տա­րած­քի կամ ու­ժի սահ­մաննե­րէն բո­լորիս կը վի­ճակի դիրք բռնել ար­դա­րու­թեան կող­մը։ Գործնա­կանօ­րէն կրնանք հաս­տատ հա­մոզո­ւիլ թէ երկրի մը հա­մար բաց ճա­կատով գո­յատե­ւելու միակ մի­ջոցը այս է, այլ ոչ թէ պա­հի թե­լադ­րած հրա­մայա­կանին ենթարկուիլ։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»