Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի եւ Միջկրօնական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան միջեւ կապերու ամրապնդման եւ հասարակական ու մարդասիրական նախաձեռնութիւններու զարգացման շուրջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ ընդգծելով միջկրօնական երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան կարեւորութիւնը։
Շաբաթ, 14 Նոյեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան ընդունեց Միջկրօնական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (تحالف الأديان) պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տիար Ֆիրաս Ուուէյտի։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ համայնքի հանրային կապերու պատասխանատու Տիար Մաճէտ Իպրահիմ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման եւ հասարակութեան տարբեր խաւերուն ծառայող նախաձեռնութիւններու զարգացման կարելիութիւնները։
Վեր. Դոկտ. Սելիմեան իր խոր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան հասարակական եւ մարդասիրական ծառայութիւններուն համար՝ յատկապէս ընդգծելով անոր անխտիր մօտեցումը, որ կը նպաստէ հասարակութեան բոլոր անդամներուն բարօրութեան, փոխադարձ յարգանքի, համերաշխութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ամրապնդման։
Այցելութեան աւարտին, Վեր. Դոկտ. Սելիմեան պատուիրակութեան յանձնեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի յուշանուէր մը՝ ի նշան գնահատանքի եւ երախտագիտութեան, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ շարունակական համագործակցութեան եւ բարեկամական կապերու ամրապնդման։


