Նոյեմբեր 20-ի գիշերը Պրազիլիոյ հարաւը գտնուող Ռիօ Կրանտէ տու Սուլ նահանգի Թուփանսիրէթա շրջանին մէջ տեղի ունեցած փոթորիկի հետեւանքով, որուն ընկերացած է մինչեւ ժամը 114 քիլոմեթր արագութեամբ քամի, զոհուած է առնուազն երեք անձ, իսկ շուրջ 60 բնակիչ վիրաւորուած է։
Այս մասին հաղորդած է G1-ը՝ վկայակոչելով քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութիւնը։
Քաղաքային իշխանութիւններուն տուեալներով՝ վնասուած է շուրջ 8 հազար բնակարան։ Վնասուած են նաեւ սերմեր արտադրող եւ մատակարարող Sementes Estrela ընկերութեան, ինչպէս նաեւ Futura Agrícola գիւղատնտեսական արհեստագիտութեան ընկերութեան շէնքերը։
Գրեթէ ամբողջ քաղաքը մնացած է առանց ելեկտրականութեան։ Տապալուած է շուրջ 100 ծառ, վնասուած են ելեկտրահաղորդման գիծերը, ցանքատարածութիւններն ու հիւանդանոցը։
Նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա տա Սիլվայի յանձնարարութեամբ՝ դաշնային փրկարարական խումբեր եւ բժիշկներ ուղարկուած են աղէտեալ շրջանը։