Օրիորդ Լուսինը կ՚արթննար, կը սանտրուէր, գեղեցիկ հագուստ մը կը հագնէր, ապա ժպտուն դէմքով ու քաղցրահնչիւն երգի մը բառերով երկու գաւաթ սուրճ կը պատրաստէր։ Ոսկեզօծ տօնական գաւաթներուն մէջ եռացող սուրճը կը լեցնէր ու անհամբեր կը սպասէր Մատթէոսին։ Սուրճին բոյրն ու գոլորշին սենեակը կը լեցնէր, ապա քիչ- քիչ կը պաղէր, եւ Լուսին, հակառակ իր սովորութեան՝ պաղած սուրճ կը խմէր։
Այսպէս, յաջորդող օրերուն, Լուսին սուրճ կը լեցնէր զոյգ գաւաթներուն մէջ եւ դառն սպասումէն ետք, սառած սուրճ կը խմէր: Լուսին չէր ուզեր հաւատալ, որ Մատթէոսը կրնար չգալ։ Չէ՞ որ ան խոստացած էր, թէ վաղը առաւօտ պիտի գայ։ Լուսինին համար այդ խոստումը աղօթքի պէս հնչած էր։
Ամիս մը անցաւ, բայց Լուսինը չյուսահատեցաւ եւ ամէն օր վաղուան սպասեց, վարդագոյն երազներ գծեց, բայց վաղը երբեք չեկաւ, եւ սուրճը թոյնի պէս սառեցաւ։
Օր մըն ալ Լուսինը նոր արեւին հետ արթնցաւ ու հայելիին մէջ նայեցաւ։ Պահ մը զարմացաւ ու իր նահանջած տեսքին նայելով՝ վշտացաւ, ապա իր միամտութեան վրայ սաստիկ բարկացաւ։ Մազերը չսանտրեց, անուշահոտով ինքզինք չծեփեց, ճմռթկուած գիշերանոցը շատ սիրեց, եւ երբ խոհանոց մտաւ, որոշեց միայն մէ՛կ գաւաթ սուրճ եփել ու ճիշդ իր նախընտրածին պէս՝ տաք- տաք խմել:
Լուսին տաք սուրճը հաճոյքով խմեց, ապա գաւաթը շրջեց։ Գաւաթ շրջելը մոռցուած սովորութիւն մը դարձած էր։ Անցեալին երբ տակաւին մայրը ողջ էր, միասնաբար սուրճ խմելը հաճոյքէն անդին՝ արարողութիւն մըն էր։ Մայրը գաւաթին մէջ իր բոլոր ցանկութիւնները կը տեսնէր՝ աղջկան համար նուէրներ, բարի լուր բերող թռչուններ, բաց ճամբաներ, եւ անշուշտ «սպիտակ ձիաւորը», որ սուրհանդակի նման դէպի իրենց տունը կը սուրար։
-Աղջիկս, գաւաթդ շատ բարի է. շուտով ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ։ Մէյ մը բութ մատովդ բաժակին յատակը կնքէ՛, տեսնեմ, թէ բախտդ ուրիշ ինչ պահած է։
Այսպէս՝ ամէն օր, նոյն սուրճի գաւաթը, նոյն իղձերը, նոյն սպասումը, գաւաթին յատակը երեւցող մատանին եւ «ճերմակ ձիաւորը», որուն գալստեան պատկերը՝ կասկածի ու թերահաւատութեան ամպին մէջ օրէ- օր կ՚անհետանար ու կը շիջէր:
Լուսինը շրջուած գաւաթով յիշեց հեռու անցեալը։ Ան նշանուած էր իր երկար տարիներու սիրահարին՝ Սահակին: Գրեթէ տասնամեակ մը իր կեանքէն նուիրած էր անոր։ Սահակը իր աշխարհն էր, անոր ներկայութեան կեանքը քաղցր էր, երգ ու պար էր, պտոյտ եւ խնդուք էր...: Ան իր մեղրածոր ու շռայլ խօսքերով անսահման սէր ու վստահութիւն ներշնչած էր, շեշտելով, որ թէեւ Լուսինը իր առաջին սէրը չէր, բայց հաստատ վերջինն էր: Զոյգը շուտով պիտի պսակուէին եւ վերջապէս ապրէին նոյն յարկին տակ, վերջ տալով հանապազօրեայ կարօտին ու սպասումին:
Հարսանիքէն քանի մը օրեր առաջ, Լիբանանի պատերազմը բռնկեցաւ: Սահակին վաճառատունը քանդուեցաւ, ինքնաշարժը այրեցաւ եւ սնանկութեան պատճառով յուսահատութեան մատնուեցաւ: Ազգականի մը խրատով ու հրաւէրով, որոշեց Ամերիկա երթալ եւ կայուն երկրի մը մէջ ապագայ կերտել:
Լուսինը շատ լացաւ, բաժանումի գաղափարը շատ խորթ ու ցաւցնող էր, սակայն ըստ Սահակին՝ լալու կարիք չկար. բաժանումը շատ կարճատեւ պիտի ըլլար եւ ինք հաստատուելէն անմիջապէս ետք Լուսինը իր քով պիտի կանչէր:
Լուսինին համար բաժանումը շատ ծանր արժեց, մանաւանդ երբ ամիսներ ետք շշուկներ տարածուեցան, թէ Սահակը ամուսնացած է ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող կնոջ մը հետ։
Լուսինը չհաւատաց, խստօրէն հերքեց, շշուկներ տարածողներուն դէմ հակադրուեցաւ, վիճեցաւ եւ լուրին անհիմն ու սուտ ըլլալը պնդեց։ Օր մըն ալ Սահակէն նամակ մը ստացաւ, ուր ան իր ամուսնութիւնը կ'արդարացնէր, որպէս քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու միջոց եւ կը հաստատէր, թէ մօտ ապագային ամուսնալուծման պիտի դիմէր...։
Լուսինը պժգաց նամակին բովանդակութենէն ու ամբողջ էութեամբ սարսռաց։ Թէեւ ան արտաքնապէս ամուր մնաց՝ խրոխտ իր սլացիկ մարմինով, բայց օրէ օր նիհարցաւ եւ իր դէմքին լոյսը մռայլեցաւ։
Ռումբերը սաստկացան, մարդիկ իրենց գլուխը ողջ պահելու համար դէպի ապաստարաններ վազեցին, բայց Լուսինը իր տան պատշգամէն չհրաժարեցաւ։ Զինք ապաստանարան հրաւիրող կանչերուն դիմաց անդրդուելի մնաց եւ անտարբերութեամբ դիտեց հրթիռներուն երթեւեկը:
Տարիները սահեցան, եւ Լուսինին ներաշխարհին մէջ ապրող «սպիտակ ձիաւորը» հիւծեցաւ, նանրացաւ ու մահացաւ։ Մատթէոսին յայտնութիւնը անակնկալ մըն էր, կարծես, թէ փոշեպատ ու փակուած մատեան մը կրկին կը բացուէր, որուն էջերուն մէջէն թոյլ կայծ մը կը փայլատակէր եւ կրնար անշուշտ վերածուիլ սիրային հրդեհի մը, սակայն ափսո՜ս Մատթէոսն ալ պատրանք մըն էր, որ կենդանութիւն չստացաւ ու յուսախաբութեան ամպին մէջ չքացաւ:
Լուսինը ոսկեզօծ գաւաթը վերադարձուց իր դարակին մէջ եւ դուրս հանեց ամենօրեայ օգտագործած իր սուրճի գաւաթը: Գաւաթ մը, որ անուն- մականունի նման հարազատ էր իրեն: Եւ ան ներքին հաստատակամութեամբ վճռեց՝ չսպասել ոչ մէկուն եւ իր մէ՛կ գաւաթ սուրճը՝ իր նախասիրածին պէս պատրաստել ու տաք-տաք խմել:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան