image

Վաղը պաշտօնապէս կ՚ազդարարենք ԹՐԻՓՓ-ի մեկնարկը.Փաշինեան

Վաղը պաշտօնապէս կ՚ազդարարենք  ԹՐԻՓՓ-ի մեկնարկը.Փաշինեան

Վաղը պաշտօնապէս պիտի ազդարարենք ԹՐԻՓՓ-ի մեկնարկը։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Digitec 2026-ի շրջածիրէն ներս NVIDIA-ի փոխնախագահ Ռեւ Լեպարետեանի հետ ունեցած քննարկման ընթացքին։

«Մենք միջուկային նոր կայան, նոր ատոմակայան ենք ի հարկէ կառուցելու, մենք էներգիայի տարբեր տեսակները զարգացնելու ենք, բայց կայ եւս մէկ կարեւոր իրադարձութիւն․ վաղը մենք պաշտօնապէս կազդարարենք ԹՐԻՓՓ ծրագրի մեկնարկը:

Պաշտօնապէս կ՚ազդարարենք եւ, ի հարկէ, այս ծրագրի շատ կարեւոր մաս է էներգիան եւ ելեկտրաէներգիայի տարանցումը, տրանզիտ բազմաձեւը եւ հիմա մենք կապակցելու ենք մեր ցանցը Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի ելեկտրաէներգիայի ցանցերի հետ, մենք արդէն կապակցուած ենք Իրանի հետ, մենք արդէն կապակցուած ենք Վրաստանի հետ, եւ մենք ներդրումներ ենք անում, որպէսզի էներգիայի տեղափոխումն աւելի արդիւնաւէտ դառնայ: Սա իրօք շատ կարեւոր եւ անհաւատալի վերափոխում է, իսկապէս այս նախագիծը' «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դառնում է իրականութիւն»,-ըսած է Փաշինեանը: