Քրիստոնէական հաւատքի, խոնարհութեան եւ ծառայութեան արժէքներու տարածման նպատակով, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը նախաձեռնեց «Սուրբ Շարպէլ» ժապաւէնի ցուցադրութեան՝ Գիւտ Ս. Խաչի տօնին եւ վարժարանին անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթով։ Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Տորայի «Սիթի Մոլ» առեւտրական կեդրոնի «Սիթի Փլեքս» շարժապատկերի սրահին մէջ, համախմբեց աւելի քան 250 հրաւիրեալներ՝ հոգեւորականներ, կրթական մշակներ եւ տարբեր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտեան, աւելի քան 250 հրաւիրեալներ համախմբուեցան Տորայի «Սիթի Մոլ» առեւտրական կեդրոնի «Սիթի Փլեքս» շարժապատկերի սրահին մէջ՝ ներկայ գտնուելու «Սուրբ Շարպէլ» ժապաւէնի ցուցադրութեան, Գիւտ Ս. Խաչի տօնին եւ վարժարանիս անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթով։
Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մայրապետներ, վարժարանիս տեսչական, ուսուցչական եւ պաշտօնէութեան կազմերու անդամներ, ինչպէս նաեւ կրթական, երիտասարդական, ընկերային եւ հոգեւոր միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Նման նախաձեռնութիւններով, Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ քաջալերելու եւ զօրակցելու այնպիսի ծրագիրներու, որոնք կը վկայեն քրիստոնէական հաւատքին մասին եւ կը ներշնչեն սիրոյ, խոնարհութեան ու ծառայութեան արժէքներով առաջնորդուող կեանք մը։
Նման աշխատանքներու սատարելը անբաժան մէկ մասն է վարժարանիս կրթական եւ հոգեւոր առաքելութեան, որուն նպատակն է զարգացնել միտքերը, ամրապնդել հաւատքը եւ սերմանել մնայուն արժէքներ։
ՈՂՈՐՄԱԾ ԸԼԼԱՆՔ
Ամէնէն մեծ ողորմածը Աստուած Ի՛նք է, որ կը հոգայ աշխարհը եւ աշխարհի վրայ մարդոց պէտքերը եւ Իր հետեւորդներուն կը թելադրէ Իրեն պէս՝ ըլլալ ողորմած, բարերար, հոգածու բոլոր անոնց հանդէպ, որ իրմէ տկար են, աղքատ եւ կամ կարօտեալ:
Քրիստոս Ինք զգուշացուց մարդը, որ ըլլայ շրջահայեաց, ըլլայ նուիրեալ ու նուիրաբերող: Չըլլայ եսակեդրոն ու ամբարտաւան այն մեծահարուստին պէս, որ երբ Աստուծոյ տուած բարիքներով լեցուց իր ամբարներն ու մառաները, մեծամտօրէն ըսաւ ինքն իրեն. «Հիմա ամէն բան ունիմ ուրեմն ինծի կը մնայ ուտել, խմել եւ ուրախանալ»: Նոյն պահուն սակայն Աստուծոյ ձայնը սաստեց զինք եւ ըսաւ. «Անմիտ, այս գիշեր իսկ քու հոգիդ պիտի առնուի քեզմէ, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու հարստութիւնդ»:
Տրուած օրինակը կը սորվեցնէ, որ երկրի վրայ ամբարած հարստութեամբ չէ որ կ’արժեւորուի մարդ արարածը, այլ այդ աստուածատուր հարստութեան իմաստուն եւ հաւասարակաշռուած մատակարարումով՝ Աստուծոյ հաճելի չափանիշներով (Վարուժան Արք. Հերկելեան):
4.jpg)

2.jpg)
25 հոկտեմբեր 2026