image
Հրատապ լուրեր:

«Մեր առաքելութիւնը լիարժէք հայ մարդ պատրաստելն է եւ տէրն ենք այդ առաքելութեան» Վեր. Փօլ Հայտոսթեան

 «Մեր առաքելութիւնը լիարժէք հայ մարդ  պատրաստելն է եւ տէրն ենք այդ առաքելութեան» Վեր. Փօլ Հայտոսթեան

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանի  Հայ  Աւետարանական համայնքի պատասխանատուներէն, Պէյրութի  «Հայկազեան»   համալսարանի  նախագահ՝  Վեր. Փօլ Հայտոսթեան 

 

-Օրերս ոգեկոչեցինք մեծ  հայորդիի մը   յիշատակը. խօսքը  Վեր. Արմենակ  Հայկազեանի  մասին է։   Ի վերջոյ ,  ո՞րն  է ամենակարեւոր ուղերձը, որ ան թողեց մեզի՝ հայերուս: 

7 Յուլիս 2021-ը Արմենակ Հայկազեանի, փրոֆեսորի, վերապատուելիի, մեծ դաստիարակի, գիտնականի նահատակութեան 100-ամեակն էր: Իր կեանքէն դասեր կան քաղելիք, ի հարկէ մեծ են թիւով, սակայն առաջինը որ ես կը յիշեմ այն է, որ հայը պէտք է մասնագիտական լաւագոյն կերպով պատրաստուի, որպէսզի ատով ծառայէ ժողովուրդին, երկրորդ՝ երբ կու գայ տանջանք, վտանգ, մահ, նահատակութիւն, սով, անարդարութիւն, պատերազմ,  պատասխանատուն,  կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին, իր ժողովուրդին հետ, եւ եթէ իր կեանքի օրինակով նայինք, Արմենակ Հայկազեան նոյնիսկ երբ իր ընտանիքէն կը հեռանար, ինք տէր կանգնեցաւ հաստատութեան, ուզեց ծառայել իր հայրենիքին։ Իսկ  երրորդ եւ  կարեւորագոյն  դասը, որ կը քաղենք, այն է, որ  իր  նահատակութիւնէն   հարիւր տարի անց Արմենակ Հայկազեան   այսօր ալ կը յիշատակուի  ու անմահ է։  Անմահ է  1955-էն   իր անունը կրող  Հայկազեան համալսարանին   շնորհիւ,  որ  հիմնադրուեցաւ  Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան, Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ իր թոռնիկին  ու անոր  նմաններու  ճիգերով  յաւերժացնելու  համար  անոր յիշատակը։   Եղած  պատմութիւնը  ծանր է, թարմ է, բայց մենք պէտք է պատրաստենք նորը՝ յարութեան ժողովուրդ, յաղթական ժողովուրդ ըլլալու համար, լաւագոյն ոգիով,  ու պատրաստութեամբ, եւ անշուշտ  նուիրումով պէտք է նայինք ապագային: Այսոնք  են  այն   դասերը,  որ պէտք է քաղել    Արմենակ  Հայկազեանէն:

-Խօսելով   Պէյրութի Հայկազեան  համալսարանին  մասին (որ միակ հայկական համալսարանն է սփիւռքեան   կտրուածքով), ի՞նչ  տեղեկութիւններ կը   փոխանցէք մեր ընթերցողներուն։

Հայկազեան համալսարանին մէջ ուսուցանուած   նիւթերը  տարբեր են  ու որոնց  հիմնականները  նշելով ըսեմ, որ  կը դասաւանդուին՝ Քաղաքական գիտութիւն, ընդհանուր գիտութիւններ, հայագիտութիւն, մանկավարժութիւն եւ այլ նիւթեր։  Մեր ուսանողները   կու գան  ամենատարբեր  խաւերէն ու  անոնց մէջ անշուշտ կան ազգութեամբ  օտարներ։ Անոնք  կը  ստանան «պաջըլըրս»ի եւ «մագիստրոս»ի տիտղոսները եւ անշուշտ  Համալսարանին համար  հիմնական   օրակարգ է պատրաստել    եւ   հասցնել ապագայի  ղեկավարութիւնը։ Արդէն 66 տարիէ ի վեր  այդ  ծառայութեան  մէջ ենք, որ ծառայութեան կողքին  նաեւ առաքելութիւն է։

-Ինչքա՞ն է  ուսանողնողներու  թիւը  եւ ո՞ր երկիրներէն են անոնք:

Ընդհանրապէս, տարիներու ընթացքին, Հայկազեան  համալսարանի ուսանողութեան թիւը 600-800 եղած է, այսօր ալ նոյնը կը պահուի, որոնց երեւի 43 տոկոսը հայեր են։  Ուսանողներու մեծ մասը կու գայ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Արաբական Ծոցէն, Ափրիկէէն, նկատի ունենալով որ կարգ մը լիբանանցիներ, յատկապէս որոնք գաղթած են, կ'ուզեն որ իրենց զաւակները Լիբանանի մէջ ուսանին։ ըսեմ նաեւ,  2-3 տարին անգամ մը, Հայաստանէն  ալ ուսանողներ կու գան, յատկապէս վերապատրաստութեան համար։ Վերապատրաստուած  ուսանողներու պարագային    եղած են դիւանագէտներ,  որոնք  90-ականներուն Սփիւռքի նախարարութեան  նախաձեռնութեամբ վերապատրաստութեան առիթներ ունեցած են։  Իսկ  մի քանի տարի առաջ  նոյն   փորձը  եղաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որ նոյնպէս   տուաւ  փայլուն արդիւնքներ։ Ուսանողներ  կ՚ունենանք նոյնպէս    Միացեալ Նահանգներէն  ու   Եւրոպայէն, սակայն  մեծ   հաշուով մեր ուսանողները Մերձաւոր Արեւելքէն են։

-Այսօր ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ  Հայկազեան  համալսարանը։

Հայկազեան համալսարանի խնդիրները ընդհանրապէս Լիբանանի խնդիրներն են: Ըսեմ, Լիբանանը յաճախ կը գտնուի անկայուն կացութիւններու մէջ՝ տնտեսական, քաղաքական եւ այլն, սակայն չխաբուինք, ինչ ալ ըլլայ պարագան, Լիբանանի հայկական համայնքը կանգուն է։ Լիբանանի հայկական համայնքը կանգուն է ոչ միայն իր հաստատութիւններովը, եկեղեցական կեդրոններովը, մշակութային, կրթական դպրոցներովը կամ մամուլովը, ապա, ես կ'ըսեմ կանգուն է, որովհետեւ կայ հայկական շունչ, որ հարազատ կը մնայ Լիբանանի մէջ: Հայ մարդը, որ ամբողջական հոգիով հայկական է, մենք տակաւին կրնանք պատրաստել Լիբանանի մէջ, եւ պէտք է շարունակենք պատրաստել. չխաբուինք տնտեսական անկումներէ, քաղաքական վիճակներէ, պատերազմներէ. Ըլլա՛յ Հայաստան, ըլլա՛յ Սփիւռք, մարդու հոգին է որ կեանք կու տայ, եւ Լիբանանի մէջ նոյնը պէտք է ըլլայ եւ պիտի շարունակենք մեր գոյութիւնը եւ գործը  այնտեղ  եւ Հայաստանի մէջ:  Ի վերջոյ մեր առաքելութիւնը լիարժէք հայ մարդ  պատրաստելն է եւ տէրն ենք այդ առաքելութեան

-Վերապատուելի, Ձեր խօսքին կարեւորեցիք  Հայաստանի մէջ առկայ   վիճակը ու  նշեցիք, որ   այսօր կը  յիշատակենք, ոչ միայն  Վեր. Արմենակ  Հայկազեանը,   այլ   նաեւ  վերջին աղէտալի պատերազմի ընթացքին զոհուած նահատակները։ Ինչպէ՞ս գտաք Հայաստանը պատերազմէն ետք, նկատի ունենալով, որ այս  ձեր առաջին այցն է  ահասարսուռ պատերազմէն  ասդին:

Հայու համար հայրենիքը տուն է, ըլլան օրերը բարի կամ չար, ըլլան օրերը հանգիստ կամ անհանգիստ: Իմ միակ,  միակ խորհուրդս այն է, որ ինչ ալ ըլլան կացութիւնները, որոնք այսօր ծանր են, իսկ ուրիշ օրեր նաեւ շատ պայծառ էին, ինչ ալ ըլլայ՝ հայրենիքը հայրենիք է, եւ մենք միշտ նորոգուած հոգիով պիտի նայինք ապագային եւ գործենք ո՛չ անցեալի համար, հապա՝ ապագայի: