Թուրքիա- Իր նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք (2014) հազուագիւտ համարուող հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ ըսած է, թէ ինք պատրաստ է քաղաքական ասպարէզ վերադառնալ եթէ «Ազգը իրմէ պահանջէ այդ մէկը»:Կիւլ նաեւ ըսած է, թէ ինք նպատակ չունի անձնական շահերու համար քաղաքականութեամբ զբաղուելու: Նկատել տալով, որ երկիրը կը գտնուի լուրջ հանգրուանի մը մէջ Կիւլ իր պատրաստականութիւնը յայտնած է քաղաքական կեանք վերադառնալու առընթեր: Նշենք, որ Թուրքիոյ նախկին նախագահը կը համարուի AKP կուսակցութեան հիմնադիրերէն մին: Վերջին շրջանին թրքական մամուլի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ գրած են այն մասին, թէ Կիւլ իշխող նախագահ Էրտողանի հետ բաւական խոր տարակարծութիւններ ունի եւ անցեալ շաբաթ կայացած AKP-ի 5-րդ համագումարին անոր եւ Պիւլէնթ Առընչի չմասնակցիլը կը վերագրուի այդ տարակարծութիւններուն: