Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները վերահաստատած են Փրակայի մէջ ձեռք բերուած յանձնառութիւնը` Ալմա Աթայի հռչակագրով հաստատուած սահմանները յարգելու վերաբերեալ: Նաեւ վերահաստատած են, որ փոխադարձաբար կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ Էլիզեան պալատը`անդրադառնալով Քիշնեւի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարներու մասնակցութեամբ հնգակողմ հանդիպման։
Ըստ յայտարարութեան` եւրոպացի առաջնորդները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած են հաւատարիմ մնալու ստանձնած պարտաւորութիւններուն, հնարաւոր կարճ ժամկէտի մէջ ազատ արձակելու ռազմագերիները:
«Անոնք նաեւ ընդգծած են Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի։ Կողմերն ընդգծած են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու սահմանման կարեւորութիւնը»,- նշած է Էլիզեան պալատը։
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կոչ ըրած է հրաժարելու թշնամական հռետորաբանութենէն` շեշտելով խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու կարեւորութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու։