2023-ին, Ատրպէյճանի «պետական ինքնիշխանութեան վերականգնումէն» ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ճիգերը աշխուժացան։ Այս մասին կը նշուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի՝ Պետական ինքնիշխանութեան օրուան առիթով տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի առաջնորդներու պատմական հանդիպումը։ Հանդիպումէն ետք առաջնորդները ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն։
Ատրպէյճան եւ Հայաստան նախաստորագրեցին խաղաղութեան պայմանագրի բնագիրը։
Աւելին, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի դիմումի հիման վրայ, ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացը եւ անոր առնչուող կառոյցները, որ նախկին հակամարտութեան ժառանգութիւն էին, չեղարկուեցան ԵԱՀԿ նախարարներու խորհուրդի Սեպտեմբեր 1-ի որոշումով։
Ուաշինկթընեան հանդիպման արդիւնքները կրկին վերահաստատեցին Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քշուած խաղաղութեան օրակարգը։ Խաղաղութեան այս պատմական հնարաւորութենէն օգտուելու եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար անհրաժեշտ է վերացնել Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջները»։