image

Ինչո՞ւ փոքր երկիրները, ինչպէս Հայաստանը, կրնան հզօր ըլլալ ԱԲ-ի մէջ

Ինչո՞ւ փոքր երկիրները, ինչպէս Հայաստանը, կրնան հզօր ըլլալ ԱԲ-ի մէջ

Սոյն յօդուածը լոյս տեսած է ամերիկեան հեղինակաւոր Forbes պարբերականին մէջ։ Հեղինակը՝ Մխիթար Հայրապետեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձր արհեստագիտական (high-tech) արդիւնաբերութեան նախարարն է։ Ան նաեւ անդամ է «Forbes Technology Council»-ին՝ բացառիկ հարթակ մը, որ կը համախմբէ արհեստագիտական ոլորտի աշխարհի առաջատար դէմքերն ու գործադիր տնօրէնները։ Այս յօդուածին մէջ, Մխիթար Հայրապետեան կը քննարկէ, թէ արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ, փոքր դերակատարները՝ ընկերութիւններ թէ երկիրներ, ինչպէ՛ս ռազմավարական առաւելութիւն կրնան ձեռք ձգել՝ մասնագիտական, ճկուն եւ նպատակային ներդրումներու շնորհիւ։

Աւելի քան դար մը շարունակ, տնտեսական ուժը կը սահմանուէր դրամագլուխով, բնական հարստութիւններով եւ արդիւնաբերական ծաւալով։ Այն երկիրներն ու ընկերութիւնները, որոնք կ’առաջնորդէին իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան, անոնք էին, որոնք կը տիրապետէին այնպիսի հումքերու, ինչպէս ածուխն ու նաւթը, եւ զանոնք կը վերածէին արդիւնաբերական կարողութեան։

Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ) այժմ կը փոխէ ուժերու այդ հաւասարակշռութիւնը։ Հայաստանի կառավարութեան մէջ իմ աշխատանքիս ընթացքին տեսած եմ, թէ ինչպէ՛ս արհեստագիտական ներդրումները կրնան ուղղակիօրէն ազդել նորարարութեան վրայ։ ԱԲ-ն հսկայական ենթակառոյց կ’ենթադրէ՝ ահագին ելեկտրականութիւն, համակարգչային յառաջադէմ համակարգեր եւ բարձրորակ ճարտարագէտներ։ ԱԲ-ի ենթակառոյցի զարգացման այս երեք սիւները՝ ուժանիւթը (energy), համակարգչային կարողութիւնը (compute) եւ տաղանդը, կախեալ են պետական եւ սեփական մարզի միջեւ սերտ համագործակցութենէն։

Հարվըրտի Առեւտրագիտական Դպրոցի փրոֆեսէօր եւ հեղինակ հանգուցեալ Քլէյթըն Քրիսթենսըն ստեղծեց «խախտող նորարարութիւն» (disruptive innovation) եզրը, որ դարձաւ ընդհանրական անուանում՝ առեւտրական գործարքներու կամ արհեստագիտութեան ոլորտի որեւէ տեսակի փոխակերպում նկարագրելու համար։  Սակայն սկզբնական շրջանին անիկա կը նշանակէր, որ փոքր ընկերութիւնները կրնան մրցիլ մեծերուն հետ՝ սկսելով այնպիսի բնագաւառներէ, որոնք անտեսուած են, գոհացնելով յատուկ պահանջներ եւ ժամանակի ընթացքին բարձրանալով դէպի վեր՝ գերազանցելով մեծերը:

​Թէեւ Քրիսթենսընի աշխատանքը հիմնականին մէջ կը կեդրոնանար մեծ ընկերութիւններու հին ու նորեկ խաղցողներուն վրայ, ես զուգահեռներ կը նկատեմ ազգային մակարդակով արհեստագիտական ներդրումներու որոշումներ կայացնող պետական ղեկավարներու հետ աշխատելու ատեն։ Այս դասերը կը վերաբերին թէ՛ սեփական մարզին եւ թէ՛ կառավարութեան։

Մեծ ընկերութիւնները սովորաբար կը ջանան վաճառել հարուստ յաճախորդներուն՝ անոնց, որոնք կը փնտռեն ամենաշքեղ կամ բարձրակարգ արտադրանքները, եւ կ’անտեսեն աժան շուկաները։ Ասիկա նոր կամ փոքր մրցակիցներուն առիթ կու տայ մուտք գործելու շուկայ՝ սպասարկելով այդ անտեսուած յաճախորդները։ Ստեղծագործ նորեկները՝ ըլլան անոնք մեծ թէ փոքր, կրնան մարտահրաւէր նետել հին ընկերութիւններուն՝ կեդրոնանալով յաճախորդներու փոքր ու անտեսուած խումբերուն վրայ։ Այն գործարար առաջնորդները, որոնք կը նկատեն այս խնդիրը եւ արագ կը նախաձեռնեն զայն լուծելու, զօրաւոր առաւելութիւն կը ստանան ուրիշներու հանդէպ։

Փոքր խաղցողները հնարաւորութիւն ունին դիրքաւորուելու այնպիսի մասնագիտացուած շուկաներու (niches) մէջ, որոնք թերեւս այսօր նշանակալի չթուին, սակայն յառաջիկայ տասնամեակին կրնան գերազանց աճի հնարաւորութիւններ ունենալ։ Ես ասոր օրինակները կը տեսնեմ այն փոքր երկիրներուն հետ իմ աշխատանքիս մէջ, որոնք չունին նոյն դրամագլուխը, ինչ որ մեծ ազգերը՝ իրենց ԱԲ ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումներ ընելու։ Բայց անոնք կարիքը չունին ամէն ինչ ընելու։ Կը հաւատամ, որ փոքր ըլլալու առաւելութիւնը մասնագիտանալու կարողութեան մէջ է՝ ընտրելով, թէ ո՛ւր պէտք է մրցիլ եւ ներդնելով միջոցները այդ ոլորտներու զարգացման համար։

 

Նորարարութեան յաջորդ ալիքը ձեւաւորող երեք ուժերը

Գործարար հսկաներ թերագնահատած են արհեստագիտական նորարարութեան անցեալի ալիքները, եւ հետագային կրած են անոր վնասները։ Անոնք կա՛մ չեն կրցած տեսնել նոր հնարաւորութիւններու իրական արժէքը, կա՛մ փորձած են զանոնք յառաջ տանիլ՝ օգտագործելով գոյութիւն ունեցող հին ենթակառոյցները, գործընթացները եւ արժէքային ցանցերը։ Kodak-ը չկրցաւ լուրջի առնել թուային լուսանկարչութիւնը, հակառակ անոր որ 1975-ին ինք ստեղծած էր լուսանկարչական առաջին թուային գործիքը։ Blockbuster-ը 2000-ին փախցուց Netflix-ը 50 միլիոն տոլարով գնելու առիթը։ Uber-ը եւ Lyft-ը օգտագործեցին բջիջային արհեստագիտութիւնը՝ ընդլայնուելու եւ գերազանցելու աւանդական թաքսիներու արդիւնաբերութիւնը։

ԱԲ-ն կ’արագացնէ այս միտումը աննախադէպօրէն։ Կը հաւատամ, որ ձեր կազմակերպութիւնը ապագայի մարտահրաւէրներէն պաշտպանելու լաւագոյն ձեւը այս նորարարութեան ալիքին մէջ բաժին ունենալն է։ Դուք կրնաք կա՛մ ընտրել միանալ «խախտողներուն», կա՛մ կամ մեծ հաւանականութեամբ՝ դառնալ անոնց կողմէ խախտուող։ Կը նախատեսեմ, որ ԱԲ-ի զարգացման այս երեք համընկնող ուժերը յառաջիկայ տարիներուն պիտի ընդարձակեն փոքր դերակատարներու ռազմավարական առաւելութիւնը։

 

Ուժանիւթ (Energy)

ԱԲ տնտեսութեան առաջին սահմանափակող գործօնը ուժանիւթն է։ ԱԲ-ն կը պահանջէ հսկայական քանակութեամբ ուժանիւթ. տուեալներու կեդրոններու (data centers) ելեկտրուժի սպառումը մինչեւ 2030 թուականը կրնայ կրկնապատկուիլ։

Մոտելներու վարժեցումը եւ տուեալներու կեդրոններու շահագործումը կը պահանջեն վստահելի եւ մեծածաւալ հզօրութիւն։ Գործնական առումով, ելեկտրաուժը կը դառնայ 21-րդ դարու ռազմավարական մթերքը, ճիշդ ինչպէս նաւթը՝ 20-րդ դարուն։

Ապագային, այն վայրը, ուր ձեր կազմակերպութիւնը կը կառուցէ իր ենթակառոյցները կրնայ նոյնքան կարեւոր ըլլալ, որքան այն արտադրանքներն ու ծառայութիւնները, զորս անիկա կը ստեղծէ։ Թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր երկիրները խթաններ կ’առաջարկեն ներդրումներ ընելու բարձր արհեստագիտական ոլորտներուն մէջ՝ ընդարձակելով արհեստական բանականութեան եւ գիտահետազօտական զարգացումներու հնարաւորութիւնները։ Միացեալ Նահանգները առաջնահերթութիւն կու տայ տուեալներու կեդրոններու ընդլայնման. 2024-ին ան ունէր 5.000 կեդրոն, եւ պահանջը կը սպասուի աճիլ մինչեւ 2030։ Ֆրանսա կ’օգտագործէ կորիզային ուժանիւթը՝ ԱԲ գործընկերութիւններ մշակելու համար։ Իսկ Հայաստանի մէջ, այն ծրագիրները, որոնց մէջ ներգրաւուած եմ, կը փորձեն ԱԲ ենթակառոյցներու զարգացումը համադրել ուժանիւթի կարողականութեան ծրագրումի մարտահրաւէրներուն հետ։

Աշխարհը այսօր աւելի քան երբեք կապակցուած է։ Երբ ձեր գործին համար ներդրումային վայր կը փնտռէք, պէտք է նայիք, թէ ո՛ւր կրնաք ձեր արտադրանքին ձեւաւորման, ծրագրային կամ սարքաշինական ճարտարագիտութեան անձնակազմին կեդրոնը դարձնել: Նպատակն է գտնել այն վայրը, որ ձեր գործարքին պիտի տայ երկարաժամկէտ առաւելագոյն օգուտը։

 

Համակարգչային կարողութիւն (Compute Capacity)

Նախորդ դարաշրջաններուն պողպատը եւ նաւթի վերամշակումը կը սահմանէին արդիւնաբերական հզօրութիւնը։ Այսօր GPU-ները, ամպային (cloud) ենթակառոյցները, կիսահաղորդիչներու կենսահամակարգերը եւ տուեալներու կեդրոնները կը խաղան նոյն դերը։

Ընկերութիւններու գործադիրները պէտք է նախապէս մտածեն, թէ համակարգչային ի՛նչ ենթակառոյցներու պէտք պիտի ունենան մօտիկ ապագային։ Ձեր ընկերութիւնը որպէս «առաջինը շարժող» հաստատելը թոյլ կու տայ քաղելու վաղ օգուտները, քանի ենթակառոյցը դեռ կը կառուցուի։ Եթէ սպասէք, թերեւս ստիպուած ըլլաք յաւելեալ վճարելու մուտքի համար կամ ետ մնաք ձեր աւելի համարձակ մրցակիցներէն։

 

Մարդկային տաղանդ (Talent)

Երրորդ եւ հաւանօրէն ամենէն կարեւոր գործօնը մարդկային ներուժն է։ Ուժանիւթն ու համակարգչային կարողութիւնը անհրաժեշտ են, բայց առանց տաղանդի՝ անոնք չեն վերածուիր իրական արժէքի։ Այդ պատճառով փոքր երկիրներ շատ յաճախ կը ներդրեն STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) կրթութեան մէջ՝ ստեղծելով մասնագիտացած կենսահամակարգեր։

Օրինակ՝ Էսթոնիա կը խթանէ արհեստական բանականութեան գործիքներու օգտագործումը դպրոցներուն մէջ, մինչ նման նախաձեռնութիւններ կը զարգանան նաեւ Հայաստանի մէջ։ Արհեստագիտական այն ծրագիրները, զորս ես կը վերահսկեմ, կը միտին ընդլայնելու մեր արհեստագիտական կրթութիւնը եւ հետազօտական կարողութիւնը՝ հակառակ մեր փոքր չափին։

 

Ո՞ւր կրնան փայլիլ փոքրերը

Այս ուժերը կը գործեն միասնաբար, եւ արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) կ’արագացնէ խախտող փոփոխութիւններու ընթացքը։ Կը հաւատամ, որ Նորարարութիւնը աւելի ու աւելի կը ծնի փոքր, ճկուն միջավայրերէն, որոնք կը նկատեն եւ կը յաջողին գտնել իրենց մասնագիտացած դերը ԱԲ-ի աւելի մեծ շուկային մէջ։

Օրինակ, նայեցէք, թէ մեծ ընկերութիւնները ո՞ւր կը կեդրոնացնեն իրենց արհեստական բանականութեան պիւտճէները․ անոնք կը ներդնեն ընդհանրական լեզուական մեծ մոտելներու (LLMs) զարգացման եւ մեծ ընկերութիւններու հետ իրենց երկարաժամկէտ գործառնութիւններու արժէքը բարձրացնելու համար։ Առաջին հայեացքով այս մէկը կրնայ որպէս խոչընդոտ թուիլ փոքր ընկերութիւններուն համար, բայց իրականութեան մէջ ան կը բանայ նորարարութեան դաշտ մը՝ աւելի նպատակային եւ ճշգրտուած լեզուական մոդելներու շուրջ։

Փոքր կազմակերպութիւնները կրնան ուշադրութիւն դարձնել յատուկ բնագաւառներու, ինչպէս՝ համակարգչային կենսաբանութիւնը (որ համակարգիչներ կ’օգտագործէ  ուսումնասիրելու ապրող էակները) կամ հեղուկներու համակարգչային շարժագիտութիւնը (որ կ’օգտագործէ համակարգիչներ՝ հասկնալու հեղուկներու եւ կազերու շարժումը), եւ սպասարկել այնպիսի յաճախորդներու, որոնք մեծ ու ընդհանուր ընկերութիւնները սովորաբար կ’անտեսեն։

Կը հաւատամ, որ փոքր դերակատարներն են, որոնք պիտի ձեւաւորեն արհեստական բանականութեան զարգացման յաջորդ սերունդը։ Սորվեցէ՛ք այն մեծ ընկերութիւններու սխալներէն, որոնք տապալեցան նորարարական նախորդ ալիքներուն ընթացքին։ Բաց միտքով մօտեցէ՛ք նոր գաղափարներու եւ փնտռեցէ՛ք այն ուղիները, որոնց միջոցով կրնաք գերազանցել աւելի մեծ մրցակիցները՝ շնորհիւ ձեր մասնագիտացած փորձառութեան եւ ճկունութեան։

 

Մխիթար Հայրապետեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար

 

«Տարբերակ21»