image

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց Տ. Նարեկ Քահանայ Տէյիրմէնճեանը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդունեց Տ. Նարեկ Քահանայ Տէյիրմէնճեանը

Հայաստան այցելութեան ընթացքին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականներէն՝ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Արժ. Տ. Նարեկ Քահանայ Տէյիրմէնճեան, այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ։

Տէր Նարեկ Քահանայը այս օրերուն Երեւան կը գտնուի՝ մասնակցելու «Յիշողութեան կերպարանքները» խորագրով գիտաժողովին, որուն կը մասնակցի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ներկայացուցիչի հանգամանքով։

Վեհարանի մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդ եկեղեցականին ծառայութեան ու նուիրումին նկատմամբ եւ անոր փոխանցեց հայրապետական օրհնութիւն։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը մասնաւորապէս շեշտեց, թէ հոգեւորականի առաքելութիւնը կոչուած է ծառայելու ոչ միայն Եկեղեցւոյ կազմակերպ կեանքին, այլեւ հաւատացեալ ժողովուրդի հոգեւոր ամրացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման։

Տ. Նարեկ Քահանայ Տէյիրմէնճեան, շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար, Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները։ Ան նշեց նաեւ, որ նորօծ քահանայի իր ծառայութեան առաջին շրջանին Մայր Աթոռ այցելելը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնը ստանալը իրեն համար հոգեւոր խոր նշանակութիւն ունի։

Հանդիպման աւարտին Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Տէր Հայրը եւ յուշանուէրներ յանձնեց անոր։