Հաւատաւոր ազգային Յարութիւն Կիւտէշեանի մահուան քառասունքին առիթով՝ յարգանքով կը խոնարհինք անոր անմոռանալի յիշատակին առջեւ։
Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգային, միութենական եւ հնչակեան ծառայութեան՝ մնալով հաւատարիմ իր գաղափարներուն եւ ժողովուրդին։
Խոր ցաւակցութիւններ՝ ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր ընկերներուն. յաւերժ փառք ու խոնարհում անոր յիշատակին։
Հաւատաւոր հնչակեան ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի մահուան քառասունքին առիթով, յարգանքով կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ՝ վերարժեւորելով հայրենասիրութեամբ, ընկերական նուիրումով եւ հնչակեան գաղափարներով լեցուն կեանքի մը ընթացքը։
Հանգուցեալը երիտասարդ տարիքէն Պէյրութի մէջ անդամակցած էր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն, մնալով հետեւողական, նուիրեալ եւ հաւատարիմ կուսակցական գործիչ։ Իր գործունէութիւնը լայն ընդգրկում ունեցաւ, յատկապէս «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական կառոյցին, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Միութեան շրջանակներուն մէջ:
Ընկեր Կիւտէշեան երկար տարիներ եղած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի հիմնական անդամներէն, միաժամանակ իր յատուկ տեղը գրաւելով մարզական ասպարէզին մէջ, նախ իբրեւ Հ.Մ.Մ.-«Փարամազ» ֆութպոլի կազմի եւ ապա՝ Հ.Մ.Մ.-ի Ա. կազմի ֆութպոլիստ։
Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Հ.Մ.Մ.-ի պասքէթպոլի առաջին կազմին մէջ, իսկ հետագային մարզած է աղջկանց պասքէթպոլի խումբը։ Իր մարզական եւ կազմակերպական ծառայութիւնները շարունակուեցան նաեւ ակումբային կեանքին մէջ, ուր որպէս դիւանապետ օժանդակեց Հ.Մ.Մ. ակումբի գործունէութեան եւ նորոգութիւններուն, միշտ ներկայ ըլլալով, համեստօրէն եւ լուռ նուիրումով։
Երկար տարիներ, մինչեւ Ա.Մ.Ն. մեկնումը, անդամ էր Ս.Դ.Հ.Կ. «Աղասի» մասնաճիւղին, շրջան մըն ալ ստանձնած էր անոր ատենապետութիւնը։ Ան իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին երբեք չշեղեցաւ իր սկզբունքէն եւ մնաց հաւատարիմ իր գաղափարներուն։
Հեռանալով Լիբանանէն, ընկեր Յարութը երբեք չկտրուեցաւ իր արմատներէն։ Միշտ մնաց կապուած իր ընկերներուն, միութենական շրջանակին եւ Լիբանանի առօրեային, մինչեւ այն դժբախտ օրը, երբ անակնկալ ճակատագիրը զինք քամեց անկողինին։
Իրենց երբեմնի ատենապետին եւ անդամին մահուան քառասունքին առիթով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Աղասի» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Մ. Պէյրութի վարչութիւնը անգամ մը եւս իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ողբացեալի զաւակներուն՝ ընկերներ Արային եւ Շահէին, ինչպէս նաեւ անոր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը սգան ընկեր Յարութիւն Կիւտէշեանի կորուստը։
Յարգելու եւ յաւերժացնելու համար ընկեր Կիւտէշեանի անմար յիշատակը, միացեալ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի:
Խոնարհում եւ խունկ՝ ընկերոջ անմոռանալի յիշատակին։
Ս.Դ.Հ.Կ. «ԱՂԱՍԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Մ.-ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ