image

Պոլիս. Հաւատքի եւ Համայնքի Կենդանի Շունչը՝ Գուզկունչուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ

 Պոլիս. Հաւատքի եւ Համայնքի Կենդանի Շունչը՝   Գուզկունչուքի  Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ

Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր առօրեան յաճախ կը ծանրաբեռնԷ  մարդուս հոգին եւ կը հեռացնէ զայն ներքին խաղաղութենէն, եկեղեցին կը մնայ այն սրբազան վայրը, ուր մարդ կրնայ վերագտնել իր հաւատքը, իր ինքնութիւնը եւ իր հոգեւոր հանգիստը։ Համայնքային աղօթքը, միասնական ներկայութիւնը եւ եկեղեցւոյ ջերմ մթնոլորտը կը վերածուին հոգիի վերականգնումի աղբիւրի՝ միաւորելով մարդիկը մէկ հաւատքի եւ մէկ նպատակի շուրջ։ Այս ոգիով ալ այսօր   Պոլսոյ Գուզկունչուքի Սուրբ Գրիգոր  Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագը՝ լի հոգեւոր ներշնչումով եւ հաւատացեալներու նուիրեալ մասնակցութեամբ։

 

 Ստորեւ այդ մասին  «Արեւելք»ին յղուած  թղթակցութիւնը՝ 

Այսօր մեր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Սուրբ Պատարագը՝ հոգեւոր բարձր մթնոլորտի մէջ, հաւատացեալներու լայն ու նուիրեալ մասնակցութեամբ։ Օրուան պատարագը մատուցուեցաւ եկեղեցւոյ  հոգեւոր Հովիւ  Արժ. Տ. Թէոդիկ Չեթինքայայի կողմէ, որ իր ներկայութեամբ եւ ծառայութեամբ եւս մէկ անգամ ամրապնդեց մեր հոգեւոր կեանքը։

Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պոլսոյ Միաբանութեան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ  Արժ. Տ.  Զաւէն  Աւ. Քհնյ. Պուչաքճեան, որ փոխանցեց հոգեշունչ քարոզ մը՝ շեշտելով հաւատքի, համբերութեան եւ միասնականութեան կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Եկեղեցական արարողութիւնը գեղեցկացաւ մեր նուիրեալ կամաւորներուն կողմէ հնչեցուած շարականներով, որոնք միշտ պատրաստակամ կերպով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեր եկեղեցական կեանքին։

Յատկապէս օրհնուած էինք տեսնելով մեր սիրելի ծխականներուն ներկայութիւնը, որոնք իրենց կարելիութիւններով եւ հաւատքով լեցուցին մեր եկեղեցին՝ վերածելով զայն իսկական աղօթքի տունի։

 

Սուրբ Պատարագէն եւ Հայր Զաւէնի քարոզէն ետք, բոլորս հաւաքուեցանք միասնական սեղանի շուրջ, որ սիրով պատրաստուած էր մեր Տիկնանց Միութեան նուիրեալ անդամուհիներուն կողմէ։ Այդ պահերը դարձան ոչ միայն կերակուրի, այլ նաեւ ջերմ հաղորդակցութեան եւ համայնքային միութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն։

Այսօր եւ իւրաքանչիւր շաբաթ, մեր եկեղեցին սիրով կը բանայ  իր դռները՝ հրաւիրելով մեր ժողովուրդը միասին աղօթելու, հանդիպելու եւ ամրապնդելու մեր հաւատքն ու միասնականութիւնը։