Թրքական «Anadolu» պետական լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է յօդուած Անիի կամուրջի վերականգնման մասին։ Կամուրջը ներկայացուած է որպէս քաղաքակրթութիւններու միջեւ առեւտուրի եւ մշակութային փոխազդեցութեան խորհրդանիշներէն մէկը։ Նշուած է, որ Անիի կամուրջի համատեղ վերականգնման վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրումը ոգեւորած է նաեւ տարածաշրջանի բնակիչները ու պատմաբանները։
Թուրքիոյ Կովկասի համալսարանի դասախօս եւ Անիի հնավայրի պեղումներու ղեկավար Մուհամմետ Արսլանը նշած է, որ Անիի մէջ պահպանուած տարբեր քաղաքակրթութիւններուն պատկանող ճարտարապետական հետքերն այն կը դարձնեն համաշխարհային պատմութեան համար կարեւոր հնագիտական տարածք։ Ան մասնաւորապէս նշած է.
«Սա Անատոլիոյ մէջ թուրք-իսլամական պատմութեան սկզբնակէտն է։ Անատոլիոյ առաջին թուրք-իսլամական քաղաքն է։ Մենք գիտենք, որ այստեղ սելճուքներու կողմէ կառուցուած են քաղաքի համար անհրաժեշտ բոլոր կառոյցները՝ առաջին մզկիթը, մեսճիտը, գերեզմանոցը, բաղնիքը, շուկան եւ այլն։ Այս վայրը կարեւոր հնագիտական տարածք է թէ՛ համաշխարհային պատմութեան, թէ՛ Անատոլիոյ մէջ թուրք-իսլամական պատմութեան տեսանկիւնէ։ Քաղաքին մէջ մինչ օրս կանգուն մնացած պատմաճարտարապետական յուշարձաններ կան։ Ատոնցմէ մէկն ալ Անիի կամուրջն է»։
Արսլանը շեշտած է, որ ստորագրուած համատեղ վերականգնման արձանագրութիւնը այս բացառիկ համաշխարհային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ կատարուած ամենակարեւոր քայլերէն մէկն է։ Նշենք, որ Հայաստանն ու Թուրքիան որոշում կայացուցած են համատեղ վերականգնելու Անիի պատմական կամուրջը (Մետաքսի ճանապարհ)։ Արսլանը նաեւ աւելցուցած է.
«Արձանագրութեան շրջածիրէն ներս երկու երկիրները համատեղ պիտի վերականգնեն այս կամուրջը։ Համաշխարհային ժառանգութիւն ունեցող այս կամուրջի պահպանութիւնը մեզի համար ողջունելի զարգացում է։ Այն, որ սա նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մէկ մասն է, նոյնպէս կարեւոր է։ Կը պատրաստուին կամուրջի վերականգնման նախագիծերը։ Կամուրջն ու ատոր շրջակայքը հնագիտական պեղումներու կարիք ունին։ Մենք եւս, այն ներառած ենք 2026-ի պեղումներու ծրագրին մէջ։ Վերականգնումը պիտի իրականացուի միջազգային վերականգնողական սկզբունքներուն համապատասխան եւ բնօրինակին համապատասխան ձեւով»։