Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան, օրերս սրտառուչ եւ խորիմաստ գրառումով մը հանդէս եկած է՝ Կարմիր Կիրակիի հոգեւոր խորհրդին առիթով։ Ան իր խօսքով կը վերյիշեցնէ Քրիստոսի սուրբ արիւնին փրկագործական իմաստը եւ անոր մէջ արմատաւորուած քրիստոնէական կեանքի պայքարն ու յաղթանակի յոյսը։
Անոր այս հոգեւոր անդրադարձին լոյսին տակ, ստորեւ կը ներկայացնենք Կարմիր Կիրակիի մասին իր պատգամը՝ որ միաժամանակ աղօթք է, վկայութիւն եւ հրաւէր՝ ապրելու հաւատքով ու մնալու ճշմարտութեան ճանապարհին։
Ստորեւ Սրբազան հօր գրառումը՝
Սուրբ Յարութեան յաջորդող չորորդ գունագեղ Կիրակին կը կոչուի՝ Կարմիր Կիրակի։ «Կարմիր» անունը կը յիշեցնէ մեզի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի արեան հեղումը խաչին վրայ, մեր փրկութեան համար։ Յանուն մարդկութեան թափուած սուրբ արիւնը դարձաւ նոր կեանքի աղբիւր, դարձաւ հիմքը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ու մանաւանդ դարձաւ յաղթանակի պսակը մեղքին ու մահուան դէմ։ Այո՛, կարմիր գոյնը նաեւ հաւատքի վկայութեան եւ պայքարի խորհրդանիշ է։ Քրիստոնէական կեանքը հեշտ ճանապարհ մը չէ, այլ գարգարոտ ճանապարհ է, պայքարի ուղի է։ Պայքար՝ մեղքին դէմ, չարին դէմ, անարդարութեան դէմ։ Կարմիր Կիրակին առիթը կ՚ընծայէ մեզի յիշելու նաեւ մեր սուրբ նահատակները։ Անոնք, որոնք իրենց արեամբ, վկաները դարձան ճշմարիտ հաւատքի եւ իրենց արեամբ շաղախեցին քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմերը։ Կարմիր Կիրակին կը հրաւիրէ մեզմէ իւրաքանչիւրին ապրելու հաւատքով եւ պայքարելու յաղթանակի յոյսով։