Միացեալ Նահանգերու գաղտնի հետախուզական գնահատականները ցոյց կու տան, որ Իրան կը պահպանէ զգալի հրթիռային կարողութիւններ՝ հակառակ Թրամփի վարչակազմի բազմաթիւ պնդումներուն, թէ Թեհրանի զինուժը ջախջախուած է, յայտնած է The New York Times-ը։
NYT-ը հաղորդած է, որ մայիսի սկիզբի հետախուզական տուեալները ցոյց կու տան, որ Իրան վերականգնած է իր հրթիռային կառոյցներուն մեծ մասի գործառական հասանելիութիւնը, ներառեալ Հորմուզի նեղուցին երկայնքով գտնուող 33 հրթիռային կայաններէն 30-ը։
Վկայակոչելով գնահատականներու ծանօթ անձեր՝ թերթը նշած է, որ Իրան տակաւին կը տիրապետէ իր նախապատերազմեան հրթիռային պաշարներու եւ շարժական արձակման կայանքներու մօտ 70 առ հարիւրին։
Գնահատականները նաեւ պարզած են, որ Իրանի ամբողջ տարածքին մէջ գտնուող ստորգետնեայ հրթիռներու պահպանման եւ արձակման կայաններուն գրեթէ 90 առ հարիւրը այժմ մասամբ կամ ամբողջութեամբ գործունակ են։