image

«Ան քեռայրէ մը աւելին գլխագիր հայ էր եւ մեծ եղբայր». Ճօրճ Ամպարճեանի գրառումը

  «Ան քեռայրէ մը աւելին  գլխագիր հայ էր եւ մեծ եղբայր». Ճօրճ Ամպարճեանի գրառումը

 Հալէպահայութիունը խոր կսկիծով եւ սրտի անսահման ծանրութեամբ ստացաւ Յովհաննէս Մանսուրեանի մահուան բօթը։

Հանգուցեալը մեծ սրտի տէր, նուիրեալ հայ ու ազնիւ ազգային մըն էր, որ 

իր կեանքով ու ներկայութեամբ դարձաւ օրինակ՝ սիրոյ, ծառայութեան, հայրենասիրութեան եւ մարդկային բարձր արժէքներու։

Անոր կորուստը խոր վէրք մըն է ոչ միայն հարազատներուն, այլեւ ամբողջ հալէպահայութեան համար։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հանգուցեալի աներձագ հանդիսացող, հալէպահայ  արուեստագէտ՝Տիար Ճօրճ Ամպարճեանի սրտակցական գրառումը հանգուցեալին մասին։

Խոր եւ անսահման կսկիծով կը գրեմ այս տողերը: Անկարող եմ զգացումներս թուղթին յանձնել, քեռայրիս ( Քրոջս ամուսինին ) Յովհաննէս Մանսուրեանի մահուան լուրով : Ան քեռայրէն աւելի եղաւ մեծ եղբայր, հարազատ, եւ ազնիւ ընկեր : Գլխագիր Մարդ էր, գլխագիր Հայ, գլխագիր Հայր: հայրենասէր, խորունկ, վեհանձն, ծառայասէր, ազնիւ եւ խիզախ Մարդ :

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ սիրելի Քեռայր

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի

Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի  կորուստը գուժած է  Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանն ու Առաջնորդ Գերշ.  Տ. Մակար արք.  Աշգարեանը նշելով  մեր հայրենակիցին   ունեցած   ազգային  արժէքներն ու դիմագիծը ու յիշեցնելով, որ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2026-ին, միջօրէի ժամը 3:30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: