image

Առեւտրային արգելքներու վերացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար կապերու ընդլայնման․ ԱԳՆ

Առեւտրային արգելքներու վերացումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար կապերու ընդլայնման․ ԱԳՆ

Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքներու վերացումն էական է երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի եւ գործարար շրջանակներու միջեւ կապերու ընդլայնման տեսանկիւնէ։  Այս մասին դիմատետրեան էջին գրած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։

«Ողջունում ենք ՀՀ հետ երկկողմ առեւտուր իրականացնելու արգելքները վերացնելու վերաբերեալ Թուրքիայի որոշումը, որը Հայաստանի եւ Թուրքիայի յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի հերթական արդիւնքն է:

Այդ որոշումը էական է երկու երկրների միջեւ առեւտրի եւ գործարար շրջանակների միջեւ կապերի ընդլայնման, տարածաշրջանում տնտեսական կապակցուածութիւնը խթանելու եւ խաղաղութեան ու բարեկեցութեան ապահովման տեսանկիւնից» ,- գրած է Բադալեանը:

ԱԳՆ մամուլի խօսնակը նշած է, որ սա կարեւոր քայլ է երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք ու բնականոն յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ, որ կրնայ իր տրամաբանական շարունակութիւնը ստանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման ու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուր ընելու արգելքներու վերացման որոշումը պայմանաւորած է 2022-էն ի վեր երկու երկիրներու միջեւ ընթացող վստահութեան ամրապնդման գործընթացով։

Մայիս 13-ին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է՝

«Հայաստանի հետ 2022-էն ի վեր շարունակուող յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի եւ ձեռնարկուած վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու շրջածիրէն ներս, մեր երկրի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ առեւտուր սկսելու վարչական ​​աշխատանքներն աւարտած են 2026-ի մայիս 11-ին»։

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ը այդ պարունակին մէջ շեշտած է Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան ու զարգացման առաջընթացի մասին։