image
Հրատապ լուրեր:

Հազիւ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները հանուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն, պիտի ստորագրուի պաշտօնական խաղաղութեան համաձայնագիր. Ալիեւ

Հազիւ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները հանուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն, պիտի ստորագրուի պաշտօնական խաղաղութեան համաձայնագիր. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նշած է, որ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները տեւած են քանի մը տարի եւ աւարտած են Ուաշինկթընի մէջ՝ նախագահ Թրամփի եւ անոր խումբի աշխուժ աջակցութեամբ: Այս մասին ան ըսած է Al Arabiya-ին տուած հարցազրոյցին:

«Ես կը կարծեմ, որ սա իսկապէս հակամարտութեան աւարտն է, պատերազմի աւարտը։ Պաշտօնապէս, խաղաղութեան համաձայնագիրը չէ ստորագրուած մէկ յստակ պատճառով. Հայաստանի սահմանադրութիւնը դեռ կը պարունակէ մէկ դրոյթ, որ կասկածի տակ կը դնէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»,- ըսած է ան:

«Ինչքան մենք կը հասկնանք, անոնք պիտի կատարեն փոփոխութիւն։ Եւ հազիւ այս սահմանադրական փոփոխութիւնը կատարուի, հազիւ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները հանուին, պիտի ստորագրուի պաշտօնական խաղաղութեան համաձայնագիր։ Սակայն այս փաստաթուղթի նախաստորագրման փաստը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ Սպիտակ տան մէջ՝ նախագահ Թրամփի ներկայութեամբ, արդէն կը նշանակէ պատերազմի աւարտ, որ ընդհատումներով տեւած է աւելի քան երեսուն տարի։ Սա կը բանայ բոլորովին նոր հնարաւորութիւններ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ ու Մերձաւոր Արեւելքի աւելի լայն տարածաշրջանի համար», - ընդգծած է Ալիեւը: