image

Երիտասարդ ձայներ՝ մտածող հասարակութեան համար. Ճինիշեան Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի մէջ

Երիտասարդ ձայներ՝ մտածող հասարակութեան համար. Ճինիշեան Հիմնարկի նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի մէջ

Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան շեշտեց ծրագրին ունեցած առանձնայատուկ նշանակութիւնը լիբանանահայ աշակերտներուն համար, որոնք պատերազմական դժուար պայմաններու մէջ պատրաստուած էին մասնակցելու։ Ան նկատել տուաւ, որ այս այցելութիւնը անոնց համար երազի իրականացում էր՝ անձամբ տեսնելու հայրենիքը եւ հաղորդակցելու իրենց հասակակիցներուն հետ։


Ուրբաթ, 1 Մայիս 2026ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ամերիկեան համալսարանին մէջ հաւաքուած էին տարբեր համայնքներէ եկած հայ աշակերտներ՝ մասնակցելու Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» (ԵԸՄ) ծրագրի եռօրեայ բանավէճի մրցաշարքին։ Այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն մրցակցութեան դաշտ մը կը բանար երիտասարդներուն առջեւ, այլ նաեւ հարթակ մը կը ստեղծէր միտքերու բախման, գաղափարներու հասունացման եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար։

Բացման հանդիսութեան ընթացքին Զարա Համբարձումեան ողջունեց մասնակիցները՝ ներկայացնելով բանավէճի օրէնքները եւ մաղթելով արդիւնաւէտ մրցակցութիւն։ Ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան անդրադարձաւ ԵԸՄ ծրագրի 22-ամեայ ուղիին՝ ընդգծելով անոր ընդլայնումը եւ համահայկական բնոյթ ստանալու հեռանկարը։ Ան յատկապէս ողջունեց Ջաւախքէն եւ Լիբանանէն ժամանած խումբերը՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ այս տարի նաեւ Այնճարի գաղութը ներառուած է։

Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան շեշտեց ծրագրին ունեցած առանձնայատուկ նշանակութիւնը լիբանանահայ աշակերտներուն համար, որոնք պատերազմական դժուար պայմաններու մէջ պատրաստուած էին մասնակցելու։ Ան նկատել տուաւ, որ այս այցելութիւնը անոնց համար երազի իրականացում էր՝ անձամբ տեսնելու հայրենիքը եւ հաղորդակցելու իրենց հասակակիցներուն հետ։

Ջաւախքի ներկայացուցիչ Արմէնուհի Պետրոսեան եւս ընդգծեց մասնակցութեան կարեւորութիւնը՝ զայն գնահատելով որպէս բարձրորակ եւ շինիչ նախաձեռնութիւն։

Առաջին փուլին 16 խումբեր բանավիճեցան արդիական եւ հրատապ թեմաներու շուրջ, ինչպէս՝ արհեստական բանականութեան կիրառման սահմանափակումը դպրոցներուն մէջ եւ կլոպալ տաքացման պատճառները։ Լիբանանէն մասնակցող երկու խումբերը՝ «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2», յաջողութեամբ անցան երկրորդ փուլ՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի իրենց պատրաստուածութեան եւ համոզիչ ելոյթներուն համար։

Կիրակի, 3 Մայիսին, Անի Բլազա պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական փուլը, ուր ԱՅԲ դպրոցի եւ Երեւան 4 դպրոցի աշակերտները բանավիճեցան «ՄԱԿ-ը չի համապատասխանէր արդի մարտահրաւէրներուն» թեմայով։ Մրցումը աւարտեցաւ ԱՅԲ դպրոցի յաղթանակով։

Աւարտական խօսքերուն ընթացքին Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն Արմէն Յակոբեան կարեւորեց ծրագիրը՝ իբրեւ պատասխանատու եւ գիտակից առաջնորդներ պատրաստելու միջոց։ Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան իր կարգին ընդգծեց, որ ծրագիրը լիբանանահայ երիտասարդներուն կը պարգեւէ ոչ միայն հմտութիւններ, այլ նաեւ մնայուն յուշեր եւ ինքնութեան խոր գիտակցութիւն։


Այս եռօրեայ բանավէճի մրցաշարքը եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ հայ երիտասարդութիւնը ունի մտածելու, քննարկելու եւ առաջնորդելու կարողութիւնը։ Նման նախաձեռնութիւններ ոչ միայն կը զարգացնեն անհատական հմտութիւններ, այլեւ կը հզօրացնեն համահայկական միասնականութիւնը՝ կամուրջ դառնալով հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ։ Ապագան կը պատկանի այն սերունդին, որ կը սորվի լսել, փաստարկել եւ համագործակցիլ՝ գիտակցելով իր դերը հասարակութեան կերտման մէջ։