Հայաստանի մէջ մեկնարկած են TRIPP նախագիծի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները. փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակմամբ ժամանած AECOM ընկերութեան ներկայացուցիչները։ Այս մասին յայտնած են կառավարութենէն։
«Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ընդունել է ԱՄՆ պետքարտուղարութեան «Գլոբալ ենթակառուցուածքների ու ներդրումների շուրջ գործակցութեան հիմնադրամի» պատուիրակմամբ Հայաստան այցելած ամերիկեան AECOM ճարտարագիտա-խորհրդատուական ընկերութեան թիմին, որը ժամանել է Հայաստան մեկնարկելու TRIPP-ի տեղանքի հետազօտման աշխատանքները», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ընկերութիւնը ներկայացուցած է փոխվարչապետին իրենց կողմէ մշակուելիք ճարտարուրուեստատնտեսական գնահատման շուրջ իրականացուող աշխատանքներու հիմնական ուղղուածութիւնը եւ ակնկալուող արդիւնքները:
Փոխվարչապետը, շեշտելով TRIPP նախաձեռնութեան նշանակութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման տեսանկիւնէ, կարեւորած է իրականացուող աշխատանքները եւ ներկայացուցած տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնները՝ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով բեռերու եւ միջիցներու տարանցման մեծ ներուժը: