Թուրքիան յայտարարած է Հայաստանի հետ ուղիղ առեւտուր մեկնարկելու համար նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտի մասին։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ 2026 թուականի մայիս 11-ի դրութեամբ աւարտած են բոլոր անհրաժեշտ վարչական ընթացակարգերը։
Այնուամենայնիւ, երկու երկիրներու միջեւ ընդհանուր սահմանի բացման վերաբերող տեխնիկական եւ վարչական աշխատանքները կը շարունակուին։ Նոր կանոնակարգերու համաձայն՝ Թուրքիայէն Հայաստան երրորդ երկիրներու միջոցաւ ապրանքները այժմ կրնան որպէս վերջնական նպատակակէտ կամ ծագման երկիր նշել Հայաստանը կամ Թուրքիան։
Անգարան ընդգծած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ խթանել Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու եւ գործակցութեան զարգացումը՝ յօգուտ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու եւ ժողովուրդներու։