Շնորհակալութիւն կը յայտնում ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին Ուքրանիոյ Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ շնորհաւորանքներու եւ ուքրանացի ժողովուրդին ուղղուած բարի խօսքերու համար։ Այս մասին գրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։
«Ուքրանիան կը գնահատէ Հայաստանի դիրքորոշումը մեր պետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ մեր երկրին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան համար»,-գրած է Զեելենսքին։
Աւելի վաղ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը շնորհաւորած էր Վլատիմիր Զելենսքին եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդը՝ Ուքրանիոյ ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուան առթիւ։