image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմէն ետք 700 երեխաներ կոչուած են Մոնթէ անունով

Պատերազմէն ետք 700 երեխաներ կոչուած են Մոնթէ անունով

 

2020–ին Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններէն մինչեւ օրս Հայաստանի մէջ ծնած տղաներէն աւելի քան 700–ը կոչած են Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի անունով, որ աննախադէպ է։ Քաղաքացիական կացութեան աքթերու գրանցման գործակալութենէն NEWS.am–ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան՝ տեղեկացուցած են, որ ՔԿԱԳ միասնական ելեկտրոնային կառավարման համակարգի տուեալներով՝  2016-էն մինչեւ 2021թ 1 փետրուաը ինկած ժամանակահատուածին Մոնթէ անուամբ անուանակոչուած է 1816 երեխայ: Հայաստանի մէջ Մոնթէ անունը նորածիններուն աւելի յաճախ տրուած է 2016թ. ապրիլեան պատերազմէն ետք։  Պաշտօնական վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ տարուէ տարի այդ ցուցանիշը աւելցած է։ Մասնաւորապէս 2016–ին Մոնթէ անունը տրուած է 150, 2017–ին՝ 189, 2018-ին՝ 248, 2019-ին՝ 375, 2020–ին՝ 739, իսկ 2021–ի մէկ ամսուան մէջ՝ 115 տղաներու։ 

 

Նկատենք, որ 2020–ին նախորդ տարուան համեմատ կրկնակի աւելցած է Մոնթէ անունով անուանակոչուած տղաներու թիւը։ Այս աննախադէպ ցուցանիշը պայմանաւորուած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններով։ Մասնաւորապէս, եթէ 2020թ. յունուար–յունիսին Մոնթէ անունը տրուած է 162 տղու, ապա երկրորդ կիսամեակին՝ 577, որ երեքուկէս անգամ աւելի է առաջին կիսամեակի տուեալներէն։

Անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Մոնթէ անունը լայն տարածում ստացած է։ Մոնթէ կը նշանակէ բարձունք: Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի եւ  Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի անունով կոչուած է ՀՀ զինուած ուժերու ռազմական ուսումնարաններէն մէկը, անոր անունով փողոցներ կան անուանակոչուած Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Մոնթէի յիշատակին գրուած եւ կատարուած են բազմաթիւ երգեր, նկարահանուած են մի քանի տասնեակ վաւերագրական ֆիլմեր։ Մոնթէ Մելքոնեանն ապագայ սերունդներուն պատգամած է՝ «Իմ կենացը մի խմէք, այլ իմ գործը շարունակեցէք»: