Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի կալանքը փոխուած է տնային կալանքի: Այս մասին յայտնած է փաստաբան Արա Զոհրաբեանը:
«Այսօր Արագածոտնի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը (դատաւոր Դ.Դաբաղեան) որոշեց Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի կալանքը վերացնել եւ որպէս այլընտրանքային միջոց կիրառել տնային կալանքը»,-գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանը կը մեղադրուի օրինական հաւաքներուն մասնակցիլը խոչընդոտելու կամ հարկադրելու եւ ընտրական իրաւունքին խոչընդոտելու յօդուածներով։ Մկրտիչ Պռոշեանը չընդունիր իրեն առաջադրուած մեղադրանքը։