Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունած է «Together» հաստատութեան անձնակազմը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2026-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց «Together» հաստատութեան անձնակազմը։
Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին, հաստատութեան անդամները շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով։ Հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան զեկուցեց հաստատութեան կատարած գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց անձնակազմին աստուածահաճոյ ծառայութիւնը եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ գործունէութիւններուն։