Նկատենք, որ 2020–ին նախորդ տարուան համեմատ կրկնակի աւելցած է Մոնթէ անունով անուանակոչուած տղաներու թիւը։ Այս աննախադէպ ցուցանիշը պայմանաւորուած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններով։ Մասնաւորապէս, եթէ 2020թ. յունուար–յունիսին Մոնթէ անունը տրուած է 162 տղու, ապա երկրորդ կիսամեակին՝ 577, որ երեքուկէս անգամ աւելի է առաջին կիսամեակի տուեալներէն։
Անկախութենէն ետք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Մոնթէ անունը լայն տարածում ստացած է։ Մոնթէ կը նշանակէ բարձունք: Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի եւ Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի անունով կոչուած է ՀՀ զինուած ուժերու ռազմական ուսումնարաններէն մէկը, անոր անունով փողոցներ կան անուանակոչուած Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Մոնթէի յիշատակին գրուած եւ կատարուած են բազմաթիւ երգեր, նկարահանուած են մի քանի տասնեակ վաւերագրական ֆիլմեր։ Մոնթէ Մելքոնեանն ապագայ սերունդներուն պատգամած է՝ «Իմ կենացը մի խմէք, այլ իմ գործը շարունակեցէք»: