Արմաւիրի մարզի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը դատաւոր Էդգար Յովհաննիսեանի նախագահութեամբ մերժած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ փաստաբանական խումբի միջնորդութիւնը՝ նախկին հոգեւորական Արման Սարոյեանի (մինչ կարգալոյծ ըլլալը՝ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան) նկատմամբ կիրառուած հայցի ապահովման միջոցը վերացնելու վերաբերեալ։
Մինչեւ գործով եզրափակիչ դատական որոշում կայացնելը դատարանը պարտաւորեցուցած էր ապահովել Արման Սարոյեանի պաշտօնավարումը Մասեացոտնի թեմի առաջնորդի պաշտօնին, վերականգնել սահմանուած իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնները, այդ շարքին նաեւ՝ Մասեացոտնի թեմի ֆինանսական հաշիւներու (միջոցներու) տնօրինումը եւ թեմի ֆինանսական գործարքներու իրականացումը:
«Նման հայցի ապահովման միջոցներ չձեռնարկելը կարող է էական ոչ նիւթական վնաս հասցնել հայցուորին՝ պայմանաւորուած վերջինիս ոչ նիւթական բարիքներ համարուող՝ հոգեւոր ծառայութեան մէջ լինելու, բարձր հեղինակաւոր պաշտօն զբաղեցնելու հանգամանքներով եւ տուեալ պաշտօնում վարդապետութիւն իրականացնելու անհնարինութեան հետեւանքով հոգեկան տառապանքի առաջացման անխուսափելիութեամբ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Հայոց Եկեղեցու դաւանանքի, վարդապետութեան սկզբունքների, աւանդական կարգի, ինչպէս նաեւ Եկեղեցու կանոնադրութեամբ սահմանուած՝ թեմակալ առաջնորդի՝ առանց պաշտօնավարման տեւողութեան սահմանափակման նշանակուելու կանոնի հետ, ինչն էլ ենթադրում է հոգեւոր ծառայութեան անընդհատութիւն»,- նշուած է դատարանի որոշման մէջ։