Օրերս Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ մամուլի մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած հրապարակախօս՝ Սարգիս Մահսէրէճեան։
Կը հաղորդուի, որ Մահսէրէճեան մահացած է սրտի անբաւարարութեան եւ կարգ մը բարդութիւններու հետեւանքով, որոնք աւելիով շեշտուած են վերջինիս սրտի բաց գործողութեան մը ենթարկուելէ ասդին (անցնող դեկտեմբերին)։
Կը խոնարհինք անոր վաստակին առաջ, եւ ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ ԱՄՆ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»ի հրապարակած մահագրականը։
Երեքշաբթի, Փետրուար 10-ի առաւօտեան, ընտանեկան պարագաներէն իմացանք, թէ «Ասպարէզ»ի եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան մամուլի նուիրեալ յօդուածագիր Սարգիս Մահսէրէճեանը Լոս Անճելըսի մէջ կնքած է իր մահկանացուն, անցեալ Դեկտեմբերին ունեցած սրտի գործողութեան բարդութիւններուն հետեւանքով։
Գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ համայնքային իրադարձութիւններուն մասին Մահսէրէճեանի վերլուծական եւ մեկնաբանական յօդուածներ թերթիս ամէնօրեայ եւ բացառիկ թիւերը հարստացուցած է։
Մեր բոլորին «Սագօ»ն Միացեալ Նահանգներ փոխադրուելէ առաջ երկար տարիներով եղած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին աշխատակից եւ ապա անոր գլխաւոր խմբագիրը եւ տնօրէնը, ինչպէս նաեւ ներդրում ունենալով «Ազդակ»ի խմբագրական մարդուժի պատրաստութեան:
Ան հեղինակն է շարք մը հատորներու, որոնց գլխաւոր թիրախը մեր նոր սերունդն էր, իսկ նպատակը՝ անոնց մօտ հայրենասիրութեան ամրապնդումը։ Ան նաեւ տարիներով ձեռնահասօրէն վարած է Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի պաշտօնը։
Վաստակաշատ խմբագրապետը կը մեկնի այս աշխարհէն` իր ետին ձգելով հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն:
Սարգիս Մահսէրէճեանի մահով «Ասպարէզ»ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ մինչեւ իր մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը:
Այս առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնս եւ անձնակազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնեն Մահսէրէճեան ընտանեկան պարագաներուն։