image

Գիւմրի. Տեղի ունեցած է զոյգերու օրհնութիւն, նշուած է Տեառնընդառաջի տօնը

Գիւմրի. Տեղի ունեցած է զոյգերու օրհնութիւն, նշուած է Տեառնընդառաջի տօնը

Օրերս հանդիսապետութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէիրգ Արք. Նորատունկեանի նշուած է Տեառնընդառաջի տօնը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

1 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան, Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Մայր Տաճարին մէջ, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի Նախատօնակի երեկոյեան ժամերգութիւնը եւ Անդաստանօրհնէքի կարգը՝ խարոյկի շուրջ։ Արարողութեան մասնակցեցան շուրջ 15 ամուսնացեալ զոյգեր Հայաստանի տարբեր համայնքներէն, որոնք պսակուած էին անցնող տարուան ընթացքին։

Ժամերգութենէն ետք կատարուեցաւ մոմերու օրհնութիւնը, ապա զոյգերը Աստուծոյ առջեւ նորոգեցին իրենց ամուսնական խոստումները՝ հաստատելով իրենց փոխադարձ հաւատարմութիւնը եւ Սուրբ Պսակի միութիւնը ողջ կեանքի ընթացքին։ Անոնք միասին աղօթք բարձրացուցին՝ խնդրելով Աստուծոյ շնորհները իրենց սիրոյ, հաւատարմութեան, քրիստոնէական կեանքի եւ ընտանիքներու ամրութեան համար, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիտաւորութիւններով։

Խարոյկի վառման խորհրդանշական արարողութենէն եւ անդաստանի արարողութիւնէն ետք, ներկաները հաւաքուեցան եղբայրական զրոյցի՝ սուրճի սեղանի շուրջ։ Սրբազան Հայրը շեշտեց ամուսնական զոյգերու հոգեւոր ուղեկցման եւ համայնքային կապերու ամրապնդման կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ կազմակերպուած եւ շարունակական հովվական աջակցութիւնը մեծ դեր ունի քրիստոնէական ընտանիքի կայացման եւ պահպանման մէջ։