image

Սուրբ Սարգիսի Էլլի բաղարջը (Անալի նկանակ) Քեսապի մէջ

Սուրբ Սարգիսի Էլլի բաղարջը (Անալի նկանակ) Քեսապի մէջ

Բնիկ Քեսապի բանահաւաք եւ հայագէտ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Մինչեւ 1950ական թուականները ապրող աւանդութիւն մըն էր։ Ս․ Սարգիսի գիշեր մայրը կամ մեծ մայրը խոշոր սալի մը վրայ կը տեղաւորէր փոքրիկներուն հաւաքած տաշեղներն ու «միւշտըկ»ները եւ կրակ կու տար` «էլլը բաղարջ»ը եփելու կայծեր պատրաստելու համար։ Միւշտըկ կը կոչուէր նիզակախաղի ձողը, որով փոքրիկները նշանառութեան խաղեր կը կազմակերպէին Բարեկենդանի շաբթուն․ յաղթողը կը գրաւէր միւսին նիզակը ու կը պահէր այս օրուան համար։

 «Էլլը բաղարջ»ը կը պատրաստուէր յատկապէս տան ամուրի անդամներուն ու փոքրիկներուն համար։ Մայրը կամ մեծ մայրը, փոքրիկները շուրջը հաւաքած, քիչ մը ալիւր կը մաղէր, առանց թթխմորի ու աղի՝ խմոր կը պատրաստէր ու անկէ կը շինէր երկու գունտ։ Կը բանար մէկը եւ անոր վրայ հաւասար հեռաւորութեամբ կը շարէր հայրական հարստութիւնները խորհրդանշող նիւթեր, ինչպէս դափնիի տերեւ մը, ձիթապտուղ մը, չամիչ մը, չոր թուզ մը, կտոր մը պանիր եւ արծաթադրամ մը։ Ապա երկրորդ բաղարջով մը կը ծածկէր առաջինը ու կեդրոնէն կը շերտէր այնպէս, որ իւրաքանչիւր շերտի մէջ դրուած նիւթերէն մէկը մնար միայն։ Դափնիի տերեւը կը խորհրդանշէր դափնիի անտառը, ձիթապտուղը՝ ձիթաստանը, չամիչը՝ այգին, չոր թուզը՝ պարտէզը, պանիրը՝ կովը, արջառը կամ հօտը, իսկ մանր արծաթադրամը կը խորհրդանշէր հայրական տունը․ ասիկա «տուլուօդ»ն է (տովլաթ), այսինքն՝ բուն հարստութիւնը։

Մինչ այդ դուրսը կրակը հանգչած կ’ըլլար, սալը կը թէժանար։ Մեծ մայրիկը սալին վրայէն տան մեծ կրակին առջեւ կը թափէր կայծերն ու մոխիրը ու սալը կը տեղաւորէր անոր վրայ, իսկ միւս երեսը կը սրբէր ու վրան կը դնէր «էլլը բաղարջ»ը։ Ոմանք սալը կը ծածկէին լաղով մը։

Այնուհետեւ մեծ մայրիկը պզտիկները անկողին կը ղրկէր, թէ, «քնացէ՛ք, որ առտու կանուխ արթննաք, Ս․ Սարգիսը իր ձիով ու մտրուկով պիտի գայ՝ ձեր բախտը կը բերէ, կանուխ արթնցէք»։ Պզտիկները անկողին կը վազէին։

Մեծ մայրիկը առտու կանուխ կ’արթննար, ընկոյզի խեփորով (կէս ընկոյզի պատեանը) քանի մը տեղ կը դրոշմէր (թաշմիլ) մոխիրին վրայ ու կը կանչէր․

- Վայ ձագուկնե՛ր, ելէ՜ք, ելէք տեսէք, Սուրբ Սարգիսը եկեր է գացեր, վա՜յ ծոյլեր, վա՜յ։

Ու փոքրիկներուն ցոյց կու տար Ս․ Սարգիսի մտրուկին «սմբակին հետքերը»։

- Հիմա տեսնենք, թէ Սուրբ Սարգիսը զո՞վ ամենէն բախտաւորը նշանակեր է,- կ’ըսէր մեծ մայրիկը։

Փոքրիկները գիտէին, որ ամենաբախտաւորը ան է, որ «տուլուօդ»ը բաժին կը ստանայ։ Բաղարջը կը հանէին ու ամեն ոք կ’ընտրէր բաժինը։ Ամեն ոք բանով մը կը բախտաւորուէր, մէկուն ժառանգ կը մնար դափնիի անտառը, միւսին՝ արտը, մէկ ուրիշին՝ տաւարը։ Անշուշտ ամենաբախտաւորը «տուլուօդ» առնողը կ’ըլլար, որովհետեւ հօր գլխաւոր ժառանգորդը կը նկատուէր։ Աղջիկներու պարագան կը փոխուէր, եթէ մէկուն «տուլուօդ»ը ինկաւ՝ ըսել է հարուստ տեղ հարս պիտի երթայ, եթէ պանիրը ինկաւ՝ ըսել է հովիւի հարս պիտի երթայ եւ այլն։

Այսպէս էր։