«Մայրս՝ մեր ընտանիքի ողնաշարը, նուիրեալ հայ հայրենասէր մը, մեծ մարդ, մայր, մեծ մայր եւ մեծ մեծ մայր, բազմաթիւերու բարեկամ եւ իմ ներշնչումս, երէկ հիվանդանոցին մէջ կնքեց իր մահը՝ չորս ամիս տեւած հերոսական պայքարէ մը ետք։ Ան կեանքով ու ուժով լի էր, քաջարի կին եւ բացառիկ մարդ։ Ան անսահման սէր ունէր իր ընտանիքին, իր բարեկամներուն եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ։
Մայրս ու հայրս օրինակելի միութիւն մը կազմեցին՝ սկսելով Լիբանանէն եւ ապա տեղափոխուելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ յիսուն տարի առաջ, ու այստեղ ստեղծեցին հրաշալի ընտանիք մը՝ չորս զաւակներով եւ տասնըմէկ թոռներով։
Մայրիկ, մենք քեզ շատ կը սիրենք եւ միշտ պիտի կարօտնանք քեզի։ Կ’ուզեմ, որ երկինքի մէջ գրկես ու համբուրես հայրս։ Երկուքիդ ալ անչափ կը սիրենք։ Դուն մեր յաւերժական հրեշտակն ես»։
Սարեաններու ընտանիքին համար վիշտի օրեր են։ Մահացած է Խաթուն Սարեանը (Ծնեալ 1935-ին), որուն կորուստին մասին կարճ վկայութիւն մը կատարած է որդին՝ Մայք Սարեանը նշելով,որ հանգուցեալ Տիկին Խաթունը իրենց ընտանիքի կաղնին էր։
Լիբանանի դժուարին պայմաններուն հետեւանքով Երջանիկ եւ Խաթուն Սարեաններ թողնելով իրենց ընտանեկան ջերմ օճախը մեկնած ու հաստատուած էին՝ Լոս Անճըլըս, ուր բաւական բարդ պայմաններու ներքոյ կարողացան պահել ու պահպանել իրենց ընտանեկան բոյնը։
Սարեաններու ընտանիքին մէջ ամէնէն ուղենշայինը ազգային ոգին ու դաստիարակութիւնն էր, ու բնակաբար այդ ոգիին ուժն էր, որ տրուեցաւ անոնց զաւակներուն, որպէսզի սիրեն իրենց ազգն ու ժողովուրդը ու նուիրուին հայկական եկեղեցիին ու բարեսիրական ու ազգային միութիւններուն։
Այս առթիւ «Արեւելք»ի սրտազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալ Տիկն. Խաթունի բոլոր պարագաներուն ու հարազատներուն նշելով յատկապէս Տիար Մայք Սարեանի անունը, որ մեր այսօրուայ իրականութեան մէջ կը շարունակէ հանդիսանալ բոլորին կողմէ յարգուած ու ազգի ծով կարիքներուն հասնող նուիրեալ հայորդի մը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիար Մայք Սարեանի գրառումը, որ ան կատարած է մօր կորստեան լուրը հաղորելու զուգահեռ՝
Մայք Սարեան կը գրէ ՝