image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի նոր նուաճումը

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Վարժարանի նոր նուաճումը

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան  Վարժարանը նոր յաջողութիւն գրանցած է տիրանալով  «Cognia» հաստատութեան քննիչ միջազգային վկայագրումին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ  առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝  

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տնօրէնութիւնը հպարտութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ թէ վարժարանս յաջողութեամբ թեւակոխած է միջազգային ճանաչումի նոր եւ փայլուն հանգրուան մը։

Ամիսներու հետեւողական աշխատանքէ, բծախնդիր պատրաստութենէ եւ տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի, պաշտօնէութեան, ծնողներու ու աշակերտներու համագործակցութենէ ետք, Դեկտեմբեր ամսուն մեր վարժարանը հիւրընկալեց համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող «Cognia» հաստատութեան քննիչ յանձնախումբը։ 

Քննիչները օրուան ընթացքին մանրակրկիտ քննութեան ենթարկեցին դպրոցի բոլոր բաժանմունքները՝ դասարանները, տարրալուծարանները, բակերն ու օժանդակ կառոյցները։ Անոնք մօտէն հաղորդակցեցան եւ տեսակցեցան վարժարանի տնօրէնութեան, խումբ մը ուսուցիչներու, աշակերտներու եւ ծնողներու հետ։

«Cognia»-ն աշխարհի հնագոյն, մեծագոյն եւ ամենահեղինակաւոր ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւնն է, որ կը շնորհէ միջազգային վկայագրում (accreditation) եւ կրթական բարելաւման ծառայութիւններ։ Անիկա կը հանդիսանայ որակի երաշխաւորման չափանիշ մը՝ փաստելով, որ կրթական հաստատութիւնը հաւատարիմ է ուսուցման, առաջնորդութեան եւ աշակերտներու յառաջդիմութեան բարձրագոյն չափանիշներուն։

Այս առաւօտ մեծ գոհունակութեամբ ստացանք պաշտօնական լուրը, թէ մեր դիմումը ընդունուած է։ Այս նշանակալից քայլը կը հաստատէ, որ մեր վարժարանի մատուցած ծառայութիւնները լիովին կը համապատասխանեն միջազգային խստապահանջ չափանիշներուն։

Այս յաջողութիւնը սկիզբն է նոր թափով աշխատանքի մը, որպէսզի յառաջիկայ ամիսներուն ամբողջացնենք գործընթացը եւ ստանձնենք մեր վարժարանի որակը պսակող ամբողջական պատուոյ գիրը։

Միասնաբար՝ դէպի կրթական նոր նուաճումներ...