«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի թեկնածուն Սամուէլ Կարապետեանն է։ Այդ մասին յայտարարած է «Մեր ձեւով» շարժման համակարգող Նարեկ Կարապետեանը՝ կուսակցութեան պաշտօնական շնորհանդէսի ժամանակ։
«Ընտրութիւններից 20 օր անց Ազգային Ժողովի առաջին նիստին հանդէս կը գանք օրէնսդրական փոփոխութեան որոշմամբ, որ թոյլ տանք միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող ցանկացած անձի դառնալ ՀՀ վարչապետ։ Այդ ժամանակ Սամուէլ Կարապետեանը կը լինի միայն ՀՀ քաղաքացի»,-ըսած է Նարեկ Կարապետեանը։
Նշենք, որ Սամուէլ Կարապետեանը վերջին 4 տարիներուն ՀՀ-ի մէջ մշտապէս չէ բնակած եւ ունի նաեւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն։ Սամուէլ Կարապետեանը թէեւ կ՚առաջնորդէ շարժումը, սակայն ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք չունի, քանի որ երկքաղաքացի է: Ըստ Սահմանադրութեան 48-րդ յօդուածի՝ Ազգային ժողովի պատգամաւոր կրնայ ընտրուիլ քսանհինգ տարին լրացած, վերջին չորս տարին միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հանդիսացող, վերջին չորս տարին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր ոք:
Յիշեցնենք՝ ան այժմ կը գտնուի տնային կալանքի տակ։ Անոր մեղադրանք առաջադրուած է իշխանութիւնը զաւթելու եւ սահմանադրական կարգը տապալելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու համար։