image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ եւ Իրան ճկունութիւն կը ցուցաբերեն միջուկային համաձայնագրի հասնելու հարցով. Ֆիտան

ԱՄՆ եւ Իրան ճկունութիւն կը ցուցաբերեն միջուկային համաձայնագրի հասնելու հարցով. Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Իրանը ճկունութիւն կը դրսեւորեն միջուկային համաձայնագրի հարցով։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը նշած է, որ Ուաշինկթընը, ըստ երեւոյթին, պատրաստ է հանդուրժելու ուրանի որոշ չափով հարստացում։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը այս մասին ըսած է Financial Times-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Դրական է, որ ամերիկացիները, ըստ երեւոյթին, պատրաստ են հանդուրժելու իրանական ուրանի հարստացումը՝ յստակ սահմանուած շրջածիրի մէջ։ Իրանցիները այժմ կը գիտակցին, որ անհրաժեշտ է համաձայնութեան հասնիլ ամերիկացիներուն հետ, իսկ ամերիկացիներն ալ կը հասկնան, որ իրանցիները ունին որոշակի սահմաններ։ Անիմաստ է փորձել անոնց ստիպել»,– ըսած է Ֆիտանը։

Ֆիտանի համոզմամբ՝ Թեհրանը անկեղծօրէն կը ցանկայ հասնիլ իրական համաձայնութեան եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու ուրանի հարստացման մակարդակի սահմանափակումներ եւ խիստ վերահսկման դրութիւն։