image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի գերիշխանութիւնը ամրագրուած է «Թրամփի ուղին» նախագծին մէջ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի գերիշխանութիւնը ամրագրուած է «Թրամփի ուղին» նախագծին մէջ

«Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրը սկսած է ձեւ ստանալ: Անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ կայացաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի ու Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը ու այս առթիւ հրապարակուեցաւ ՀՀ-ԱՄՆ համատեղ յայտարարութիւն, ուր մանրամասն կը ներկայացուին Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհի ու տարածաշրջանէն ներս հաղորդակցութեան միջոցներու ու բեռնափոխադրումներու հնարաւորութիւններու ընդլայնման ծրագիրները:

Հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ յատուկ կը շեշտուի, որ Հայաստանը պիտի ունենայ լիակատար իրաւասութիւն սահմանային վերահսկողութեան եւ մաքսային գործառոյթներու նկատմամբ` ուղիով իրականացուող առեւտուրի եւ տարանցման ծիրին մէջ:

«Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը սահմանային եւ մաքսային գործողութիւններու նկատմամբ բացարձակ են եւ անքննելի»,- կ’ըսուի  յայտարարութեան մէջ: Նման հաւաստիացումներ տուաւ նաեւ Ռուպիոն, լրագրողներուն առջեւ յայտարարելով, որ ծրագիրը, որեւէ կերպ չի խախտեր Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

Հակառակ բոլոր մեղադրանքներուն, որ Ամերիկեան ընկերութիւններուն պիտի յանձնուի Սիւնիքի շրջանը« նախագիծը կու գայ հաստատելու, որ այդ ընկերութիւնները ներդրումներ պիտի կատարեն շրջանէն ներս ու արդիական սարքաւորումներով պիտի բարելաւեն ճանապարհներն ու երկաթուղիները` Հայաստանը դարձնելով բեռնափոխադրումներու տարանցիկ կեդրոն: Ապահովելով մեծ եկամուտներ Հայաստան պիտի ստանայ իր մասնաբաժինը:

Ճիշդ է, որ ճանապարհը օգտագործող ատրպէյճանցիներու անցագրերու յանձնումը  պիտի կատարուի  Ամերիկեան ընկերութեան ներկայացուցիչներուն,  սակայն Հայ սահմանապահները գտնուելով անցակէտերուն մօտ, իրենց վերապահուած պիտի ըլլայ փաստաթուղթերու ու բեռներու ստուգման իրաւունքը:

Առաջին օրէն, պաշտօնական Երեւանը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի պահանջած «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացողութիւն գոյութիւն չունի ու այդ կարմիր գիծ է իր համար: Հայաստան մինչեւ վերջ մնաց իր սկզբունքային կեցուածքին վրայ` ստիպելով Ատրպէյճանին ետ քայլ կատարելու: Միւս կողմէ, Ռուսաստան կը փորձէր գործադրութեան դնել 44-օրեայ պատերազմի աւարտին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, որուն համաձայն  Ռուսական զօրքերը պիտի հսկէին Սիւնիքով անցնող եւ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճանապարհը: Նոյնիսկ կը խօսուէր  ճանապարհի երկու կողմերը փշալարեր տեղադրելու մասին, որպէսի այդ դառնայ իսկական ազատ միջանցք:  Սակայն, առաջին օրէն իսկ Ատրպէյճան սկսաւ խախտել զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը, իսկ Ռուսաստանին յանձնուած Լաչինի միջանցքը աւարտեցաւ Արցախի պաշարմամբ ու ապա շրջանի Հայութեան տեղահանմամբ: Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստանի մէջ կային քաղաքական շրջանակներ, որոնք կը պահանջէին գործադրութեան դնել զինադադարի համաձայնութեան այդ` 9-րդ կէտը, որուն ընդդիմացան իշխանութիւնները` արժանանալով Ռուսաստանի եւ ռուսամէտ ընդդիմադրութեան քննադատութիւններուն:

Հայ-Ամերիկեան այս  գործարքը կոչուած է դառնալու Հայաստանի դիւանագիտութեան ամենէն մեծ յաջողութիւններէն մին, որուն պտուղները պիտի քաղուին յաջորդող տասնամեակներուն վրայ:

«Թրամփի Ուղին» Հայաստանին կ’ապահովէ եկամուտներ,  Սիւնիքին կու տայ զարգացման հնարաւորութիւններ, կ’երաշխաւորէ շրջանէն ներս ապահովութիւնը ու պատերազմի  գրեթէ բացառումը, իսկ ամենէն կարեւորը` կը հաստատէ Հայաստանի գերիշխանութիւնը իր  ամբողջ տարածքներուն վրայ:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»