Կրանատա Հիլզ քաղաքի մէջ գործող Պեթլեհէմ վարժարանը վերջին տասնամեակին ականատես կ՛ըլլայ բծախնդրօրէն կազմակերպուած՝ գիրք նուիրելու ձեռնարկի մը: Ծրագիրը յղացած է եւ կ՛իրագործէ վարժարանի տնօրէնուհի Մէրի Աշճեան Գանտիլեան, որ կրթութեան մագիստրոսի աստիճանի արժանացած է եւ շնորհիւ իր ստացած ազգային դաստիարակութեան, կրցած էր յարմարագոյն ձեւով Փետրուար ամսուան՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան զուգորդուող «Գիրք Նուիրել»ու սովորութիւնը, ամերիկեան վարժարանին ծրագրին մէկ մասնիկը դարձնել:
Օրինակելի եւ ուսանելի նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպատակն էր ոչ միայն հարստացնել վարժարանի ծնողներու տան գրադարանը, այլ նաեւ կը միտի մանուկները մտերմացնել գիրքին հետ, վարժեցնել գիրք ընտրելու սովորութեան, զարգացնել անոնց մօտ գիրքէն հաճոյք քաղելու զգացումը, եւ ընտելացնել զանոնք գիրք կարդալու ունակութեան…
Ահաւասիկ, այսպիսի գնահատելի ձեռնարկի մը ներկայ գտնուեցայ Շաբաթ, Յունուար 31ի առաւօտեան, Պեթլեհէմ վարժարանի շրջափակէն ներս:
Վարժարանին պարտէզը վերածուած էր բացօթեայ գրադարանի․ ամէն կողմ դարաններ՝ լեցուն մանկամսուրէն մինչեւ չափահասներու յատուկ գիրքերով, որոնք տնօրէնութիւնը հանգանակած էր վարժարանի ծնողներէն, բաժնած եւ դասաւորած՝ ըստ տարիքի եւ տեսակի, ապա գեղեցկօրէն ցուցադրած պարտէզի չորս կողմերը՝ զայն վերածելով խայտաբղէտ բացօթեայ գրադարանի մը:
Իւրաքանչիւր գիրքի անկիւն ունէր իրեն յատուկ հանգստաւէտ նստատեղին, ուր ծնողք եւ երեխայ առիթ ունեցան միասնաբար գիրք ընտրելու, կարդալու, պահ մը գիրքի մտերմութիւնը ապրելու եւ նախընտրած գիրքերը ընտրելով տուն տանելու, որպէսզի հոն շարունակեն ընթերցումը եւ զարգացնեն գիրք ունենալու եւ կարդալու մշակոյթը, այսպիսով գիրքը վերածելու տան մէկ անհրաժեշտ մասնիկի:
Գիրքեր նուիրաբերելու կողքին, մատուցուած էր նաեւ առատ ուտելիք․ աշակերտները իրենց դպրոցի բակին մէջ այս իւրայատուկ պահը կը վայելէին՝ ուտելով, կարդալով, տնօրէնի եւ ուսուցիչներու հոգատարութիւնն ու քաղցր ժպիտը վայելելով, ինչ որ իրենց մէջ կ՛աճեցնէր սէր հանդէպ դպրոցին, մտերմութիւն՝ հանդէպ գիրքին։ Անոնք նաեւ կը կուտակէին դպրոցի պատկանելիութեան վեհ զգացումը:
Հիացած էի գաղափարէն, ծրագիրէն, կազմակերպուածութենէն եւ նպատակը իրականացնելու ոճէն: Երկու ժամուան տեւողութեան, տնօրէնուհին, ուսուցիչներու ժրաջան աշխատանքով եւ ներկայ եւ շրջանաւարտ ծնողներու անվերապահ օժանդակութեամբ, «Գիրք ունենալ եւ կարդալ» ծրագիրը անթերի կազմակերպուածութեամբ իրագործեց։ Պատգամը գործնականօրէն հասած էր մօտ 200 ներկաներուն, որոնք արդիւնաւէտ օր մը ունեցան վարժարանի մտերմութեամբ, հիւրասիրուեցան համադամ ճաշերով, ապա իրենց ընտրած գիրքերը պայուսակներով շալկած՝ գոհունակ վերադարձան տուն:
Կարելի՞ է չշնորհաւորել եւ չքաջալերել այսպիսի ձեռնարկ մը ծրագրող եւ կազմակերպող տնօրէնուհի Մէրի Աշճեան Գանտիլեանը, որ կրցած էր միաձուլել հաճելին եւ օգտակարը, ի մի բերելով վարժարանի անձնակազմը, ծնողները, ուսանողները, եկեղեցւոյ անդամները եւ բարեկամները:
Ինչպէս կ՛ըսեն․ «Մանկութեան ընթացքին կարդացուած գիրքը ամբողջ կեանք մը կը լուսաւորէ»։

«Ասպարէզ»