Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք, յայտարարած է, որ Իրանի հարցով առաջ շարժելու վերաբերեալ յստակ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած, սակայն Թեհրանի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին։ Թրամփ նաեւ շեշտած է, որ Իսրայէլի անվտանգութեան շահերը պէտք է հաշուի առնուին։
Ան յիշեցուցած է Իրանին հասցուած հարուածներուն մասին եւ յոյս յայտնած, որ այս անգամ Թեհրանը աւելի ողջամիտ եւ պատասխանատու վարք պիտի դրսեւորէ համաձայնագիր կնքելու հարցով։
Թրամփն ու Նաթանիահուն քննարկած են նաեւ իրադրութիւնը Կազայի հատուածին մէջ եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ։
Իսրայէլի վարչապետը հանդիպում ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ եւ միացած է Թրամփի նախաձեռնած Խաղաղութեան խորհուրդին, որուն առաջին նիստը պիտի կայանայ Փետրուար 19-ին՝ Ուաշինկթընի մէջ։