ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Ժիրայր Անանեանը ելոյթ ունեցած է «Իրավիճակը Միջին Արեւելքի մէջ» խորագրով ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի բաց քննարկման` ներկայացնելով Հայաստանի մօտեցումները տարածաշրջանին մէջ զարգացումներու վերաբերեալ։
Այս մասին կը տեղեկանանք ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցչութենէն:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքին Հայաստանի աշխարհագրական մերձակայութեան, տարածաշրջանի երկիրներու հետ պատմականօրէն բարեկամական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքներու նշանակալի ներկայութեան՝ ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչի տեղակալն առանձնանշած է հայ խաղաղապահներու ներդրումը Լիբանանի մէջ ժամանակաւոր տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութեան մէջ (UNIFIL)։
Անանեանը նաեւ նկատած է, որ ՀՀ կառավարութիւնն աշխատանքներ կը տանի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ՝ Կազայէն տասնեակ երեխաներու բուժումը Հայաստանի բուժհաստատութիւններու մէջ կազմակերպելու նպատակով։
Ընդգծուած է, որ Հայաստանը կ՚ողջունէ Կազայի վերաբերեալ 17 նոյեմբեր 2025-ին ընդունուած ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի 2803 բանաձեւը եւ, որպէս հիմնադիր անդամ, ստորագրած է Խաղաղութեան խորհուրդի կանոնադրութիւնը՝ վերահաստատելով յետհակամարտային կայունացման, վերակառուցման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ Հայաստանի սկզբունքային յանձնառութիւնը՝ շեշտելով Խաղաղութեան խորհուրդի շրջածիրէն ներս աշխուժօրէն ներգրաւուելու ՀՀ պատրաստակամութիւնը։
Իր խօսքին մէջ Անանեանը նաեւ առանձնանշած է Հայաստանի հետեւողական սատարումը բարեկամ Սուրիոյ միասնականութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ աւելցնելով, որ սուրիական առաջնորդութեամբ իրականացուող յետհակամարտային վերականգնման եւ խաղաղաշինութեան գործընթացը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի երկրին մէջ տեւական խաղաղութիւն ապահովելու համար։