image

Ինչո՞ւ անցեալը… (Ա.)

Ինչո՞ւ անցեալը… (Ա.)

Անցեալը կեսագործման աղբիւրն է՝ իր պատմագիտական, ընկերաբանական, մշակութային, քաղաքական ու ամենակարեւորը՝ գոյաբանական իմաստներով։ Ան ամէն ինչով կը տոգորէ ներկան ու ապագայի ապաւէնն է: Մարդկային լինելութեան դրականութիւնն ու տեւողականութիւնը անցեալով կը կայանայ՝ յատկապէս ոգեղէն գոյութիւն չկայ, եթէ չկայ պատմութիւն, եթէ չկայ անցեալ: Անցեալացումը միակ բանն է, որ կը կապէ անձնականն ու եսը՝ բոլորին, տիեզերքին ու ըլլալուն, քանի ներկան անշօշափելի է, իսկ ապագան վերամբարձ: Ներկայի խնդրականութեան անվերջանալիութիւնը, իսկ ապագայի անկայացումը՝ անցեալին կու տան գրեթէ բացարձակ ուժ ու տիրականութիւն:

Ամենաանփոփոխ, վստահելի, հաստատուն ու հանգստացնող բնագաւառներէն մին է անցեալը՝ իր պատմականական ու երեւակայական կողմերով, նոյնինքն անջրպետը իր ամէն ապագայապաշտութեամբ ու վայրկենական ենթադրեալ ծաւալումով՝ մեր զգացողականութեան ու սեւեռումին մէջ անցեալականօրէն կը բանի, կը բացուի ու կը կենսագործէ մեզ: Մենք չենք կրնար երջանիկ ըլլալ, եթէ թաղենք անցեալը, ինչքան ալ մաղենք դառնն ու անտանելին անկէ։ Մենք չենք կրնար հաղորդուիլ անջրպետին ու դէպքագործութեան հետ ներկայով ու ապագայով, ինչքան ալ անոնք՝ երկուքը միասին մշտապէս մարտահրաւէր նետեն անցեալին ու փորձեն տապալել եւ գերազանցել զայն։ Պարզ այն պատճառով, որ անցեալը դարաւոր եւ անծայրածիր կորած ու մեր չգոյութենէն ալ անջատ, անկախ ժամանակէ աւելի, ան այն հիմն է, որ մէկ երկվայրկեան վերջ պիտի ըլլայ նախկին ու մեզ պիտի պարուրէ, տանջէ՝ իր յաւիտենական վերակենդանացումով ու վերապրում պահանջող տարփանքով: Ինքնին մարդկային կոչումը քաղցրագոյն կենսագործում ու ապրուածութիւն ստեղծելու կը ձգտի եւ քանի յաջողած է այդ մէկը ընել լիակատարօրէն կամ մասնակի (նոյնինքն մեր քաղաքակրթական պատմութիւնը վկայ), ուրեմն ապագային ալ անծայրածիր վերադարձի կանչ ու քաշում կայ՝ դէպի մեր ամէն նոր ու հին ապրածը, անթիւ ու թուագրուած, նորաձեւ կամ հնամենի: Իսկ այդ ապագայական ջանքը տեղ մը ապագան կը դարձնէ անցեալականական ժամաստեղծում ու միաժամանակ նորովի վերագերազանցում նոյն այդ անցեալին, բայց, քանի ապրուածութիւնն ու անով ստեղծուած մեր երջանկութիւնը պատկերուած է ու չափուած, ուստի, մեր անժամանակ վերադարձը ժամանակին կամ ժամանակին անցեալազրկումը կը տանին նոյն անվերջանալի անցեալի մը, որ իտէալական է, սիրելի է ու փնտռուած: Այս կէտին, բնականաբար, մեր ու տիեզերքի ժամանակային բնոյթը ինքզինք կը պարզէ ու մեզ բնազանցական, համեմատական ու քուանթրոմային տեսութիւններով միեւնոյն ատեն կը սահմանէ մեր անժամանակութիւնը, ինչ որ, այո՛, տեղ մը կը խափանէ մեր ուղեցուցայնութիւնը, բայց, չի կրնար փարատել մեր յուզականութիւնը, զգայնականութիւնն ու զգացողականութիւնը։ Մենք ժամանակի սիրահար ենք, ուստի եւ ակամայ, վիպապաշտ ենք ժամանակով, բնականաբար, անցեալն է, որ աղբիւրը կը դառնայ այդ էական ու ապրեցնող վիպերգին, սիրերգին: Առանց այդ արմատին մեր երազներն ալ չկան, իսկ մեր արուեստն ու մշակոյթը, ընկերաբանութիւնն ու տնտեսագործումը վիպապաշտութեան մէջ կը սլանան ու կ՚արժեւորուին։ Առանց վիպապաշտութեան չկայ ժամանակ ու սահմանուած, որոշուած (մեր կամ ուրիշին կողմէ) կեանք, իսկ առանց մեզի համար՝ յատուկ կեանքացած ժամանակին, մենք առաքելութիւն չենք կրեր: Անցելապաշտութիւնը դաւանանք կա՛մ դպրութիւն մը չէ, այլ ան մեր էոյթն է, որ տարիքային է ու պատմակերտ:

Տարբեր հարթութեամբ առիթաւորումը իր մէջ կը կրէ անցելացում, իսկ իշխանութեան հասկացողութիւնը անցեալով կը յաջողի։ Եթէ իշխանութիւն պիտի ունենանք, պէտք է ըլլանք անցեալով հաստատուած, այսինքն, արդէն իւրաքանչիւր անցած վայրկեանով հաստատուած իրողութեամբ: Իրողութիւնը արդէն իսկ տեղ մը պատմագործութիւն է: Եթէ կ՚ուզենք հասնիլ կատարելագործուած ու վերջնական գերերջանկութեան՝ ապա պէտք է սրբագրենք անցեալը։ Այդ սրբագրումը արդար է միայն մղումով, իսկ գործնականացմամբ թերի է ու անպէտք, քանի անցեալը մեր հետն է մշտապէս, իսկ անոր վերապրումը անխուսափելի է, վասն մեր ոգեղինութեան ու կրօնականութեան ալ:

 

Տիգրան Գաբոյեան

•շարունակելի…

«Ժամանակ»/Պոլիս

Տիգրան Գաբոյեան

Տիգրան Գաբոյեան

Ծնեալ Հալէպ, Սուրիա: -Ուսումով իրաւագէտ եւ Մա...