Գերերջանիկ ըլլալու պատկերացումը անցեալի մաղէն կ՚անցի ու մեզի թոյլ կու տայ, որ ազատականութիւն մը կերտելու գերի ըլլանք, նաեւ մեզ կը դարձնէ կրկնուող ու ծինային՝ անցեալի մաքրագործումի մը խաբուսիկութիւնը ապրելով։
Անցեալի ու պատմութեան (թէ՛ արժէքի, թէ՛ կերտուածութեան եւ թէ ամենօրեայ ապրումի իմաստներով) խնդրականութիւնն ու քաղցր տանջանքի պատճառաբանութիւնը կը կայանայ հոն, ուր մենք իբրեւ անհատ ու հաւաքականութիւն թէ՛ կրնանք անցեալը մեր ուզածին պէս շաղել եւ թէ ազատականացնել զայն ըստ մեր կամքին: Անցեալը վայր ու ժամանակ մըն է, ուր մենք միշտ կանք ու մեր կամքը տիրական է (քանի արտադրուող է կամայականօրէն ու մշտապէս)։ Եւ քանի մենք անհատական ամենաբարձր առանձնութեան, եսութեան-եսականութեան ու լիակատար արդարացումով գործակատարմամբ մարդկային ու տիեզերական ամբողջականի մը մէջ կանք՝ իբրեւ հասու, գործող ու գոհունակօրէն, տիրաբար, արդարաբար ընկալուող ու ստեղծուող էակներ (շատ յաճախ հաւաքականութեան կերպարով ալ, ինչ որ ամենամեծ ու բարձրագոյն տեղն է եսի առաքելութեան կատարման ու անձնական տառապանքի յաղթահարումի ապահովման իմաստով): Անցեալի մէջ ինչքան ալ ըլլայ տառապանք, որ վերապրուող ու քաղցրօրէն յաղթահարելի է, նկատի ունենալով, որ ան ոգեղէն է ու անշօշափելի:
Նոյնինքն աշխարհաքաղաքականութիւնը՝ որով միջազգային յարաբերութիւնները կը բանին, անցելային է. ինչպէս՝ երկիրներու քարտէսներն ու սահմանները, որոնք ամէն վայրկեան կը ներկայացուին միայն պատմութեամբ: Պատմութիւնը ինք մեզ ստեղծած է՝ ըստ մեր պատուէրին, ինչ որ գոյութենական ամենամեծ գոհունակութեան մը դուռը կը բանայ։ Այս իմաստով ներկան միշտ մեզի կրնայ թուիլ դաւաճան՝ հակառակ անոր գերապագայաձգտման, քանի մարդկութեան մէջ առանձին ու իշխանաբար չենք կրնար համադրել ու կանգնեցնել մեր եսը՝ հեռու նոյնիսկ անձնասիրութենէ։ Մենք առանձինն չենք կրնար բացառիկ ընկալում ապահովել աշխարհին ու տիեզերքին հանդէպ ներկայով: Կատարելագործման ձգտումը, այո՛, վրէժխնդրութիւն է անցեալէն, բայց, միեւնոյն ատեն մենք գիտենք, որ ժամանակի ակունքն ու ապագայի ստեղծման երազը խաբկանք մըն է, ուստի, մենք յաւերժօրէն տխրագին ենք ու անցեալապաշտ:
Սերնդագիտութեան կողքին, կուտակուած պատմականութեան արդիւնքն է երեւակայութիւնը, որ չի կրնար անցեալ չդառնալ՝ մեր ապագայակերտման ի հաշիւ։ Մեր երեւակայութիւնը ունի ժառանգականութիւն, իսկ ժառանգականութեան առաքելութիւնը յաւերժօրէն ծագումնային ու վերադարձային հենք ունի:
Իր մէջ կիրք ու առաքելութիւն ունի ամենավայրկենային պահագործումը, զոր մեզ կ՚առաջնորդէ վաւերականութեան հաստատման, իսկ կեանքի դիմագիծն է վաւերականութիւնը, ուր չենք կրնար մխիթարուիլ առանց չապրուածութեան: Մարդկութիւնը կենսապէս պէտք ունի զննուած-դիտուած ու միաժամանակ դիտող ու զննող ըլլալու եւ այդ գոյութենական գաղտնի լեզուն դարձեալ կը տանի վաւերագրութեան կերտումին։ Քաղաքակրթութիւնը եւ անոր ճիւղաւորմուները բոլորն ալ մղուած են ներկայացում վարելու՝ իրենց ամենաանկեղծ ու խորքային իմաստով: Ըլլալու կամ չըլլալու ընտրանքը, բնականաբար, կը բանի ըլլալով։ Թէեւ մարդկային միտքն ու հոգին իրենց գոյակազմութեամբ հակուած են պեղելու ու յայտնաբերելու չգոյութիւնը կամ նուազագոյնը նախաստեղծուածութիւնը, սակայն, անդրմարդկային գոյութիւնը իր մէջ կը կրէ՝ իր իսկ չգոյութենական առեղծուածը բացայայտելու գործադրոյթը: Ըլլալը յաղթական է տեւաբար, բայց, տեղ մը համոզիչ չէ, որովհետեւ կայ ժամանակային մահը, որ անարդար է մարդուն համար, քանի անդրմարդկային գոյութիւնը չգոյութիւն չունի կամ նուազագոյնը տեսանելի, շօշափելի չէ: Ժամանակի անցելացումը պեղունի գործիք մը կրնայ համարուիլ՝ չգոյութիւնը դիտարկելու ու հասկնալու համար զայն, քանի հոն ժամանակային մահը կայ:
Իրականացում կոչուածը նոր ձեւով ու խորքով կը նշանակէ, թէ անցեալը կայ, իսկ այդ ձեւն ու խորքը քաղաքակրթական համակարգ կը ստեղծէ, երբ մարդկային թաւալումով կը կատարելագործուի ու արխիւացումով ալ կը վեհանայ:
Մենք չենք կրնար կերտել մեզ անհետանալով, մենք չենք կրնար թուագրել մեր ոգեղինութիւնը՝ առանց անցեալի թողութեան: Իսկ այդ թողութիւնը հասանելի չէ, որովհետեւ անցեալը մեր միջոցաւ կը թողէ մեզ ու կը գծէ ապագան:
Տիգրան Գաբոյեան
•շարունակելի…
«Ժամանակ»/Պոլիս