image

Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակի տօնակատարութիւնը

Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակի տօնակատարութիւնը

Օրերս, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը եւ տեղի հայ համայնքը մեծ շուքով նշած են եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

15 Սեպտեմբերիին, Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը եւ տեղի հայ համայնքը մեծ շուքով նշեցին եկեղեցւոյ օծման 20-ամեակը։ Քաղաքին մէջ առաջին եկեղեցին հիմնադրուած էր 1991  թուականին մանկապարտէզի շէնքին մէջ՝ գնուած համայնքի նուիրատուութեամբ։ Հետագային, այդ շէնքի վաճառքէն ստացած գումարով եւ համայնքի կողմէ հանգանակութեամբ, համայնքը 2002 թուականին նախաձեռնած էր նոր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցու կառուցման։ Եկեղեցին օծուած էր 2003ի աշնան։ 

Կիրակի, Խաչվերացի տօնին, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութեամբ Ալմելոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչը Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ թեմի առաջնորդական տեղապահ Գերշ. Տ. Տաթեւ Եպս. Յակոբեանն էր, որ որպէս Արեւմտեան Եւրոպայի նախկին հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ երկար տարիներ եղած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

 

Սուրբ պատարագին, որուն կը մասնակցէր շուրջ 1000 հայ հաւատաւոր, ներկայ էին Նիտերլանտներու մէջ Հայաստանի պատուակալ դեսպան Վիկտոր Պիակովը, ինչպէս նաեւ ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու հոգեւորականներ։

Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած եկեղեցւոյ 20-ամեայ յոբելեանին, որով Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնը կը փոխանցէր հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ բոլոր ծխականներուն։

Հաւատացեալներուն իր քարոզը փոխանցեց Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէքի կարգ, իսկ Խաչվերացի տօնին առիթով օրհնուեցաւ Սուրբ Խաչը զարդարող ռեհանը։

Տօնական միջոցառումներու ընթացքին, եկեղեցական արարողութենէն ետք, շուրջ 800 հոգի հաւաքուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ, որոնց կ'ուղեկցէր տօնական հանդիսութիւնը։ Միջոցառումը բացուեցաւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գելիճի շնորհաւորանքի խօսքով։

Հանդիսութեան ընթացքին, զոր հմուտ կերպով կը վարէին երկու երիտասարդներ, գնահատագիրեր եւ յուշանուէրներ ստանալու հաճելի առիթով դէպի բեմ իրարու յաջորդեցին այն անձերը, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումն ու աջակցութիւնը ցուցաբերած էին ծխական համայնքի հիմնադրութեան եւ հետագային եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ներկայիս ծխական համայնքը գլխաւորող նուիրեալ հայորդիները։ Իսկ Օննիկ Գելիճի արժանացաւ  «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բիւրեղեայ մրցանակին։

Խաժակ Արք. Պարսամեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 20-ամեայ յոբելեանը հրաշալի հնարաւորութիւն է՝ յիշելու անցեալը, տօնելու ներկան եւ ծրագրելու ապագան։ Անդրադառնալով անցեալին՝ ան բարձր գնահատեց այն մարդիկը, որոնք տեսիլք ունէին եկեղեցի կառուցելու եւ անոնց, որոնք վերջին 20 տարիներու ընթացքին անընդմէջ բաց պահած էին եկեղեցւոյ դռները՝ ապահովելով Հայ Եկեղեցու առաքելութեան շարունակականութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւորականներուն, ծխական խորհուրդի, տիկնանց միութեան անդամներուն, դպրոցի ուսուցիչներուն եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Ապագային մասին խօսելով, Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ նշեց, որ տօնական միջոցառման առիթով մեծաթիւ երիտասարդներու մասնակցութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծուխը ունի բարգաւաճ ապագայի ամենակարեւոր երաշխիքը։ Ան քաջալերեց երիտասարդները իրենց լիարժէք մասնակցութիւնը բերելու ծուխի կառավարման՝ նպաստելով ատոր յետագայ զարգացման ու զօրացման։

Խօսքի աւարտին, Սրբազանը կրկին ջերմօրէն շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւորականները, նախկին եւ ներկայ եկեղեցական խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք տարիներ առաջ մասնակցած էին եկեղեցւոյ կառուցման համար իրականացած հանգանակութեան արշաւին եւ կամաւորական աշխատանքին՝ բարձր գնահատելով անոնց անձնուիրութիւնը։