Լիբանանահայ օգտատէր՝ Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան կը գրէ՝
Վերջերս կը քալէի հայահոծ Պուրճ Համուտի նշանաւոր «Արաքս» փողոցին մէջ, երբ յանկարծ լեցունկեկ տիկին մը բախեցաւ ինծի: Պահ մը զգացի, որ մարմինս քայլ մը ետ գնաց ու կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը: Մինչ ձեռքերս օդին մէջ ճօճուելով կառչելու տեղ մը կը փնտռէին, նոյն տիկինը կայծակի արագութեամբ իր զոյգ ձեռքերով ամուր բռնեց զիս եւ կանխեց անկումս։ Ապա յանցաւորի ու ներողութիւն հայցողի արտայայտութեամբ, աչքերուս մէջ նայեցաւ ու քաղցր ձայնով «Փարտօ՛ն, ճիկերի՛մ» մը ըսաւ, որ սիրտս տեղն ու տեղը հալեցուց։ Սիրուն կնոջ կանաչ աչքերուն մէջ այնքան բարութիւն կար, որ իսկոյն մոռցայ վախս ու գետին փռուելու հաւանականութիւնս: Ժպտացի ու ըսի. «հոգ չէ ճանս, կը պատահի»։
Խեղճ կինը, այնքան մտազբաղ էր, որ նոյնիսկ գոյութիւնս չէր նկատած:
Կը շարունակեմ ճամբաս, կը փորձեմ յաղթահարել Պուրճ Համուտի հրապարակին մօտ գտնուող «սանտուիչ»ի խանութներուն առջեւ գոյացած խճողումն ու եռուզեռը: Եւ ահա երիտասարդ մը, զինուորական բարեւով կը դիմէ այլ երիտասարդի մը եւ խրոխտ շեշտադրութեամբ կ՚ըսէ. «Յարգանքնե՛րս, Տօնակա՛ն»։ Ակնթարթի մը մէջ ուղեղս կը զուարճանայ եւ մտքովս կ՚ըսեմ. «Օ՜հ, Տօնական, այս ինչ եզակի անուն է, մաս-մաքուր, հայկական անուն: Բնաւ չէի լսած. արդեօք ովքե՞ր են Տօնականին ծնողները…»:
Անմիջապէս «իմ զմայլած» Տօնականս կը պատասխանէ. «Էհլէ՜ն, ղուրպա՛ն»( բարեւ մատաղ):
Ժպիտ մը կ՚ուրուագծուի դէմքիս վրայ ու ճամբաս կը շարունակեմ, հետս «շալկած»՝ «Փարտօն ճիկերիմ»ն ու «Էհլէն ղուրպան»ը։
Բաւական իւրայատուկ «բեռ» մըն է, որ հատած է անցեալի քարքարոտ շառաւիղները ու ծաւալած է աշխարհագրական տարբեր վայրերու ազդեցութեան տակ. վկայ ֆրանսական «փարտօն»ը, թրքական «ճիկեր»ն ու «ղուրպան»ը, լիբանանեան «էհլէն»ը:
Անձիս հարց կու տամ. «Սիլվա՛, այս շատ դիպուկ եւ մեզի «հարազատ» արտայայտութիւնները, որո՞ւ հետ կրնաս կիսել…»։ Եթէ անձ մը արեւմտահայ արմատներ չունի եւ միջին արեւելքի մէջ չէ ապրած, անկարելի է, որ ըմբռնէ այս խօսքերուն հոգին։ Օտարին ինչպէ՞ս բացատրես ճիկերը՝ կենսաբանական սահմանումո՞վ, թէ՞ մարմնի մէջ ունեցած իր խիստ կարեւոր դերով…։ Եթէ ենթական իր մեծ մօր, կամ հօր շրթներէն «ճիկե՛ր»ս կամ «ղուրպա՛ն»ս բառերը չէ լսած, անկարելի է, որ ընկալէ այդ բառերուն պարփակած սէրը, գութը, նուիրումը...: Մինչ սփիւռքահայը, որ շրջապատուած էր վերապրող սերունդով, ամենօրեայ դրութեամբ լսեց իւրայատուկ խօսելաոճ՝ «շաղախուած» օտար բառերով, առածներով եւ ասոյթներով:
Ինքս ինծի կը պատասխանեմ. «Լաւ, Սիլվա՛, պահ մը մոռցիր օտարները։ Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ մենք հրաժարինք օտար բառերու գործածութենէն եւ փոխարինենք «ճիկեր»ը մեր մաս- մաքուր՝ հոգեակով, հոգեհատորով...:
Այո՛, ժամանակն է...: Միշտ ալ ցանկութիւնս եղած է Հայերէնը լսել անաղարտ ու հեռու օտար թափանցումներէն, բայց եկուր պահ մը այսպէս մտածենք։ Արդէն իսկ այս բառերուն տէրերը՝ արտասանողները, մեզմէ առյաւէտ հեռացած են: Թող ատենը մէյ մը հնչող այս «խորթ» բառերը ընկալուին, որպէս արձագանգները մեր նախնիներուն...: Ըլլան պատմական յիշեցում եւ ապացոյց, անոնց ապրած միջավայրին եւ եղերական ոդիսականին...: Թող այս բառերը ծառայեն, որպէս ահազանգ ու զգաստութեան խթան՝ լրջօրէն սերտելու մեր սեւ անցեալը եւ ներկայ աշխարհի ընկերային ու քաղաքական սպառնալիքները… որպէսզի կարենանք հմտութեամբ դիմագրաւել մեր դիմաց ծառացող այժմու եւ ապագայի մարտահրաւէրները: