Որոշ ժամանակ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիրը հանդիսացած, պոլսահայ լրագրող՝ Ռոպէր Քոփթաշ թրքերէն լեզուով վէպ մը հրապարակած է։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն։
Ստորեւ այդ մասին եղած լրատւութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այսօր արդէն հրապարակի վրայ է յայտնի գրող ու խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշի անդրանիկ վէպը։ «İletişim» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է այս գործը, որ կը կոչուի «Unufak»։ Ռոպէր Քոփթաշ, որ երկար տարիներէ ի վեր իր ներդրումը կ՚ունենայ պոլսահայ մտաւորական կեանքէն ներս, այս ողջունելի իրադարձութիւնով արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրած կ՚ըլլայ իր ստեղծագործական աշխատանքը։
Ռոպէր Քոփթաշի լրագրական եւ հրատարակչական փորձառութիւններէն հետքեր կը կրեն այս վէպին մէջ ի յայտ եկած դիտարկումները։ «Unufak»ը ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ դիպուկ բանաձեւումներով եւ հեղինակի արտայայտութեան կարողութիւններով։ Ան ընտանիքի մը պատմութեան ընդմէջէն վարպետօրէն կ՚անդրադառնայ՝ Թուրքիոյ մէջ սերունդէ սերունդ ապրուած հաւաքական ցաւերը։ Քոփթաշ վէպը խարսխած է՝ հոգեբանութեան, պատմութեան եւ քաղաքականութեան հիմնական սիւներուն վրայ։ Այս գործը գրասէրներուն տեսակէտէ կ՚ենթադրէ ընթերցման եզակի փորձառութիւն մը։ «Unufak»ը, իրականութեան մէջ ո՛չ միայն գերդաստանի մը, այլեւ մարդու վերաբերեալ գրեթէ բոլոր զգացումներու խտացումն է։
Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ «Unufak»ի հրատարակութիւնը կը համարուի գրական աշխարհէն ներս նոր ձեռքբերում մը։ Հեղինակը իր վէպը հիւսած է 20-րդ դարու պատմական մեծ դէպքերու ստուերին տակ։ Ան կեդրոնացած է գերդաստանի մը սերունդէ սերունդ կրած ապրումներուն վրայ։ Այսպէսով մարդու վերաբերեալ ամենաբազմաշերտ ու բարդ զգացումները Քոփթաշ ընթերցողներուն կը մատուցէ՝ զգայացունց ոճով մը։
Ռոպէր Քոփթաշի վէպի խմբագիրներն են՝ Տույկու Չայըրճըօղլու եւ Էմրէ Պայըն։ Կողքի ձեւաւորումը պատրաստուած է Սետա Միթի կողմէ։ Գիրքի կողքին վրայ օգտագործուած է լուսանկար մը, որ 1910-ական թուականներէն դրուագ մը կը ցոլացնէ Շիրվանեան ընտանիքին վերաբերեալ։
Լուրը՝ «Ժամանակ»էն