image

Խաչը պայքար է, յարութիւնը՝ յաղթանակ

Խաչը պայքար է,  յարութիւնը՝ յաղթանակ

Հոգեւոր Խորհրդածութիւն Խաչվերացի Տօնին Առիթով . Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

 

Ուստի Խաչը պայքար է, Յարութիւնը` յաղթանակ։

Խաչը յոգնութիւն է, Յարութիւնը` վարձատրութիւնը։

Խաչը Նոր ուխտի կնքումն է, Յարութիւնը` Նոր կեանքի գարունը։

Խաչը աստուածային սիրոյ երգն է, Յարութիւնը` սիրոյ զօրութեան մեկնաբանութիւնը։

Խաչը մեղքին ողբերգութիւնը կը յուշէ, Յարութիւնը` արդարութեան գովքը կը հիւսէ։

 

 

Խաչը Քրիստոսով ունեցաւ խորիմաստ եւ եզակի նշանակութիւն։

Խաչը Քրիստոսի սիրով եղաւ զոհողութեան եւ նուիրումի խորհրդանիշ։

Խաչը Քրիստոսի պատուական արեան հեղումով դարձաւ խաղաղութեան սուրբ նշան։

Խաչը եղաւ նոր արշալոյսի աւետիս, յաղթանակի նախաձայն, Յարութեան նախանշան եւ մեղքերու թողութեան Տէրունական հռչակագիր։

Խաչով մեր Տէրը Իր անհուն սէրը, առատ ողորմութիւնը եւ գերազանց շնորհքը յայտնեց։

Խաչը եղաւ Աւետարանի քարոզութեան ներշնչման աղբիւրը, սիրոյ եւ նուիրումի աստուածախօս քնարը, հաշտութեան քաղցրախօս յուշարարը, անձնուրացութեան հրաւիրող պատգամաբերը, Քրիստոսի պատկանելու կանչող հովուական սրինգը, եկեղեցւոյ առաքելութեան սրբաշող ուղին եւ հոգեւոր օրհնութիւններով հարստանալու նպաստող շնորհաբաշխ գանձարանը։

Քրիստոսի խաչով սէրը եղաւ ճանաչելի։ Փրկութեան խորհուրդը իրականացաւ խաչով, մարգարէական խոստումները կատարուեցան խաչով։

Քրիստոս կամաւորաբար խաչի մահը յանձն առաւ` ապացուցելով թէ Ինք ունի սուրբ նպատակ, մարդասիրական մղում, ահա թէ ինչո'ւ խաչին ճամբով Իր չարչարանքներուն պատկերը կը պարզուի մեր աչքերուն առջեւ` որպէս խորհրդաւոր քարոզ ապաշխարութեան եւ ոսկի առիթ փրկութեան։

Առանց խաչի պանծալի եւ պատուական սուրբ նշանին կարելի չէ ըլլալ վկան Քրիստոսի հրաշալի սիրոյն։

Խաչակնքելով մեր մարմինն ալ կը մասնակցի զԱստուած փառաւորելու աղօթական վիճակին։ Քանզի առաքեալը կ`ըսէ.«Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք` որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով»։(Ա.Կր 6.20)

Երբ կը խաչակնքենք` Տիրոջ նկատմամբ մեր անվերապահ սէրն ու երախտագիտական զգացումները կ`արտայայտենք։

Խաչին նկատմամբ երկիւղած յարգանք ընծայելը անբաժան է մեր պաշտամունքային կեանքէն։

Մենք Յարութեան օրհնաբեր եւ յաթաբեր աւետիսը լսելու մեր պատրաստակամութիւնը գործնապէս կը յայտնենք սուրբ խաչին մասին խորհրդածելով։

Յարութեան ուրախալի լուրը հաւատքով ընդունելու կը պատգամէ Ս.Խաչը, որպէսզի հրճուին տրտմած հոգիները, սփոփուին խոցուած սիրտերը, վերականգնին անկեալները եւ Աստուծոյ դառնալու ուղին վերագտնեն մոլորեալները։

Ուստի Խաչը պայքար է, Յարութիւնը` յաղթանակ։

Խաչը յոգնութիւն է, Յարութիւնը` վարձատրութիւնը։

Խաչը Նոր ուխտի կնքումն է, Յարութիւնը` Նոր կեանքի գարունը։

Խաչը աստուածային սիրոյ երգն է, Յարութիւնը` սիրոյ զօրութեան մեկնաբանութիւնը։

Խաչը մեղքին ողբերգութիւնը կը յուշէ, Յարութիւնը` արդարութեան գովքը կը հիւսէ։

Խաչը զոհողութեան օրինակն է, Յարութիւնը` զոհաբերումի քաղցրահամ պտուղով մեր հոգիները կը կերակրէ։

Խաչը հիմն է Քրիստոնէական հաւատքին, իսկ Յարութիւնը` հաւատքի  մեր վաւերականութեան անժխտելի ըլլալը կը հաստատէ։

Խաչը մեր հոգեւոր ջերմեռանդութեան եւ ուխտի վերանորոգման ազդու միջոց է, որով կը մտաբերենք Տիրոջ ողորմութիւնը։

Աստուծոյ հրեշտակը Տիրոջ գերեզմանը տեսնելու համար եկած կիներուն ըսաւ.«Գիտեմ որ ԽԱՉՈՒԱԾ Յիսուսը կը փնտռէք։ Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ»։(Մատթէոս 28.5)

«Խաչուած» բառը ինքն ցոյց կու տայ Քրիստոսի սիրոյն աննկարագրելի խորութիւնը եւ անբացատրելի տարողութիւնը։ 

«...մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք»։(Ա.Կր 1.23) Պօղոս առաքեալ խաչի մահը յանձն առնող Քրիստոսի մասին կը խօսի, յայտնելով թէ Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ճանաչելի դարձաւ խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսով։

Մենք արդեօք խաչը կրելով կը հետեւի՞նք Քրիստոսի։ Այսինքն` անձնուրացութեամբ ծառայելով, խոնարհութեամբ աշակերտելով, սիրով հնազանդելով եւ համբերութեամբ պայքարելով կը շարունակե՞նք մեր երթը։ Միայն մեր Խաչը առնելով կը դառնանք Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներն ու արքայութեան ժառանգորդները։

Հաւատքով միաբան Քրիստոսի պատուական խաչը մեծարենք, եւ առաքեալին ձայնակցելով ըսենք`.«Գալով ինծի, քա'ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար»։(Գղ 6.14)

Խաչէն Յարութիւն կայ սրբաշող ճանապարհը մը, որմէ անցնելու ենք Քրիստոսի օրինակով, որպէսզի մեր կեանքի վկայութեամբ կոչուինք «Լոյսի ու ցերեկի որդիներ»։

 

Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...