Հայազգի բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրող Սթիւըն Զէյլեան պատկերասփիւռի աշխարհի լաւագոյններուն վերապահուած «Էմի»ներու 76րդ մրցանակաբաշխութեան արժանացած է լաւագոյն բեմադրիչի մրցանակին՝ «Նեթֆլիքս»ի արտադրութեամբ, «Ռիփլի» ֆիլմին համար։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Հայազգի բեմադրիչ Սթիֆ Զայիլեան «Էմմի» մրցանակի արժանի նկատուեցաւ «Ռիփլի» մինի-հաղորդաշարի համար։ Այս հաղորդաշարը կը սփռուի «Նեթֆլիքս» հարթակի վրայ։ Մրցանակը ստանալէ ետք Սայիլեան իր հիացումը յայտնեց Իտալիոյ գեղատեսիլ բնութեան հանդէպ, նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դերասաններու խումբին ու նկարահանող անձնակազմին։ «Իտալիոյ մէջ «Ռիփլի»ն նկարահանելը արդէն իսկ մրցանակ էր։ Ատիկա կը նմանէր երազի մը», նշեց ան։
Ութ մասէ բաղկացեալ մինի-հաղորդաշարը հիմնուած է Փաթրիսիա Հայսմիթի «Տաղանդաւոր պարոն Ռիփլի» վէպին վրայ։ Գլխաւոր դերը կը կատարէ իրլանտացի դերասան Էնտրիւ Սքոթ։
«Էմմի» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին լաւագոյն «տրամ» ճանչցուեցաւ «Սիոկուն» պատմական հաղորդաշարը, իսկ լաւագոյն կատակերգութիւն՝ «Հնարներ» հաղորդաշարը։
Նշենք, որ Զէյլեան ծնած է Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա։ Անոր հայրը՝ Ճիմ Զէյլեան եղած է ձայնասփիւռի լրագրող։ Ան վկայուած է Սան Ֆրանսիսքոյի նահանգային համալսարանէն։ 1994ին ան արժանացած է «Օսքար» եւ «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակներուն՝ «Շինտլըր՛զ Լիսթ» ֆիլմին բեմագրութեան համար։ Ան նաեւ, չորս այլ առիթներով «Օսքար»ի թեկնածու առաջադրուած է։