image

Ո՞վ էր Իսրայէլեան հարուածի թիրախը (Լուսանկար)

 Ո՞վ էր Իսրայէլեան հարուածի թիրախը (Լուսանկար)

Մասնաւորապէս իսրայէլեան աղբիւրներ Պէյրութի դէմ եղած հարուածէն ժամ ետք լուրեր տարածած են այն մասին, թէ ով էր իսրայէլեան հարուածին իսկական թիրախը։Նոյն առումով եւ ըստ իսրայէլեան բանակի խօսնակին Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է «Հըզպալլա»ի  ռազմական կարեւորագոյն հրամանատար մը։

 Տանիէլ Հակարի (Իսրայէլեան բանակի խօսնակը) աւելի ուշ հանդէս կուգար նոր յայտարարութեամբ մը նշելով, որ Իսրայէլ յաջողութեամբ պսակած է իր գործողութիւնը Պէյրութի մէջ եւ սպաննած է «Հըզպալլա»ի ռազմական կարեւոր պատասխանատուներ։

 Նոյն ուղղութեամբ եւ ըստ լիբանանեան լուրեր տարածող ցանցային հարթակներու Իսրայէլի հարուածին հետեւանքով զոհուած է «Հըզպալլա»ի ռազմական  կարեւոր պատասխանատու համարուող  Իպրահիմ Աքիլը։ 

Աքիլէն բացի եւ դարձեալ ըստ նախնական տուեալներու նոյն հարուածին հետեւանքով զոհուած են «Հըզպալլա»ի «Ալ Ռատուան» խմբակի 9 այլ անդամներ, որոնց անունները ցարդ չեն յայտարարուած։

 Անշուշտ այս տուեալները պէտք է համարել նախնական տուեալներ եւ տեղեկութիւններ եւ նոյն առումով հարկ է սպասել «Հըզպալլա» կազմակերպութեան կողմէ հրապարակուելիք հաղորդագրութիւնը։

 

  

«Հըզպալլա»ի հրամանատարներէն ՝ Իպրահիմ Աքիլի  լուսանկարը։