image

«Յոյսով եմ, որ յիշատակներս հարեւանցի պատկեր մը կը գծեն մեր սիրելի դպրոցին մասին». Ստեփան Աբէլեան

«Յոյսով եմ, որ յիշատակներս հարեւանցի պատկեր մը կը գծեն մեր սիրելի դպրոցին մասին». Ստեփան Աբէլեան

Քեսապի «Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարան»ի  սաներէն Ստեփան Աբէլեան կը գրէ իր դպրոցական տարիներուն, սիրելի դպրոցին եւ «երազային» մանկութեան մասին։

Շատ խորհեցայ, թէ ի՞նչ կրնամ բաժնեկցիլ հարիւրամեակի առիթով` մեր նոր սերունդին տալու պատկեր մը, թէ մեր օրերուն, 65 տարիներ առաջ ի՞նչ էր մթնոլորտը, ի՞նչ էին օրուան բարքերը, յարաբերութիւնները՝ աշակերտ-ուսուցիչ, աշակերտ-աշակերտ, դպրոց-ծնողներ եւ ընդհանուր կենցաղը։

Յոյսով եմ, որ յուշերս ամփոփ եւ հարեւանցի պատկեր մը կը գծեն այդ իմաստով։

Մեր օրերուն չկային այսօրուան յառաջացած` գիտական, արդի միջոցները՝ ոչ ընկերային համացանցի եւ ոչ ալ փոխադրութեան կամ այլ դիւրութիւններ, բայց եւ այնպէս ուսման սէրը եւ «Ուսումնասիրաց»ը, իր արտակարգ առաքելութիւնը ի գործ դրած, կրցաւ պահել այս կրթական օջախը մեր գիւղին մէջ, շատ համեստ եւ խոնարհ կարելիութիւններով` ջամբելով լոյս եւ գիտութիւն մեր սերունդներուն, զիրենք բարձրացնելով մինչեւ այսօրուան փայլուն «Ճեմարան»ի մակարդակին։

1959-1960 տարեշրջանի սկիզբն էր։ Հայրս եւ ես վերամուտի օրը Քեսապ գացինք նոր ճամբով մը։ Այդ ճամբէն բնաւ գացած չէի, Գուրօմի ճամբան, Չագալճըգէն վերի Չինար, Քէլէգին Կէսլէօտին տակէն, դէպի Գուրօմ եւ Ուշբաղէն։ 

«Հոն է ձեր դպրոցը», ըսաւ հայրս։ «Ասիկա պիտի ըլլայ դպրոցի ճամբադ»։

Ինծի՝ 8 տարեկան երեխային, ամառ թէ ձմեռ, այդ իմ առօրեայ ճամբաս պիտի ըլլար։ Չորս կողմս դիտելով լռիկ մնջիկ քալեցի հօրս ետեւէն։ «Այսօր կ’արձանագրուիս, վաղը` արդէն դասի կը սկսինք», ըսաւ ճերմակ մազերով, կարճ հասակով, թանձր ակնոցներով, բայց տիրական կեցուածքով մարդ մը, հօրս գաղափարի մտերիմ ընկերը, մեր տնօրէնն էր՝ Պրն. Ժօզէֆ Պասմաճեանը։

Մօրս ալ ուսուցիչը եւ տնօրէնը եղած էր։ Մարդ մը, որ իր կեանքը նուիրած էր ուսուցչութեան եւ սերունդներու դաստիարակութեան, մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը: Անակնկալ եւ անսպասելի կերպով, «յանկարծամահ եղած է», կ'ըսէին։ Տակաւին շատ աշխուժ եւ կայտառ էր, հազիւ վաթսունհինգ տարեկան։ Ցնցուած էինք, Քեսապը ամբողջ կը սգար վաստակաւոր ուսուցիչ-տնօրէնը։

Չորս դիս կը նայիմ, պարապ, հսկայ սրահ մըն էր, ուր կային դասարաններու տասնեակ մը դռներ, ինչպէս նաեւ մուտքի հսկայ դուռ մը։ Կը դիտեմ տեսչարանի բաց դռնէն, ուրկէ Պրն. Տնօրէնը անունս կու տայ ըսելով` «Քեզ երրորդ դասարան կ'ընդունինք»։ Կը դժգոհիմ, կը յուզուիմ, հօրս կը նայիմ, որ արդեօք հաւանութիւն պիտի տա՞յ զիս նոյն դասարանը պահելու։ Ան համամիտ էր: Ես դժգոհեցայ եւ յուզուած հօրս մօտեցայ եւ բողոքեցի. «Բայց ես չեմ ուզեր կրկնել դասարանս»։ Պրն.  Պասմաճեան բացատրեց` համոզիչ եղանակով մը. «Հոս, հայերէն լեզուն բարձր մակարդակ ունի: Հայերէնի այս մակարդակով, դուն իրականութեան մէջ, հինգերորդ դասարան կը նկատուիս, այդպէս որ, ինքզինքդ երրորդ մի սեպեր, այլ` մէկ դասարան ա'լ ցատկէ, ահա հիմա հինգերորդ ես»։

Իսկապէս, երբ դասաւանդութիւնները սկսան, գրեթէ բոլոր նիւթերը հայերէն լեզուով կը դասաւանդուէին՝ գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, թուաբանութիւն, պատմութիւն, իսկ արաբերէնը միայն լեզուի դասին մէջ կը շեշտուէր։ Ասոնց զուգահեռ, արաբերէն նիւթերը, բոլորը նոյնպէս դասընթացքին մաս կը կազմէին։ Ա՛լ ինչ ըսեմ, դասերը կրկնակի էին, մէկ հայերէն, մէկ արաբերէն, իսկ անգլերէնը` Պրն. Տնօրէնին դասն էր, որ միշտ հետաքրքրական էր եւ սակայն՝ պահանջկոտ։

Գիրքեր, գիրքեր, տետրակներ կրկնակի, այդ փոքր հասակովս բեռնակրի բեռ մը շալկած, օրական Քէօրքիւնայէն Ուշբաղէն կ'երթայի ու կը վերադառնայի, Կէսլէօտի եւ Գուրոմի ճամբէն։ Անձրեւ, ցուրտ, ձիւն, փոթորիկ կամ մրրիկ արգելք չէին ըլլար։ Մէջս սարսուռ մը կ'անցնէր, թէ  այդ բեռը ինչպէս պիտի տանէի։ Անշուշտ յաջորդ օրը մխիթարութիւնս մեծ եղաւ, երբ իմացայ որ դասընկերներս Սուլեան թաղէն եւ Գարատուրանի խորքէն պիտի գային, որ իմ ճամբուս կրկնակի եւ աւելին էր։ Իսկ` այլ անհանգստացնող զգացում մըն էր, թէ արդեօք դասընկերներս որո՞նք  պիտի ըլլան, ըլլայ տարիքով կամ հասակով։ Դասարանս մեծ մասը ինձմէ աւելի մեծեր էին կամ տարեկից։ Ինձմէ 4-5 տարեկան մեծ դասընկերներ ունէի։  Դասարան կրկնելը շատ սովորական երեւոյթ էր։

Մեր օրերուն, դասարանին մէջ գաւազանի գործածութիւնը անպակաս էր, եւ այդ իրողութիւնը կ'անհանգստացնէր զիս եւ միշտ պրկուած էի, ո'չ թէ ինծի համար, ես բնաւ հարուած չէի ստանար, հապա կը մեղքնայի ընկերներուս, որոնք գաւազանի հարուածներուն տակ մէկ մեթր վեր կը ցատկէին։ Ուսուցիչը կ'ակնկալէր որ Գարատուրանէն Քեսապ/Ուշբաղէն օրական քալելով գացող- եկող աշակերտը ժամանակ ունենայ կարդալու եւ սորվելու։

Մեր դպրոցական օրը կը սկսէր առտուան   ժամը 8:00-ին, սրահին մէջ «Առաւօտ Լուսոյ»ն  երգելով, խաչակնքելով եւ աղօթքով եւ կ'աւարտէր իրիկուան 4-ին, կէսօրին երկու ժամ դադարով։ Քեսապցի ուսուցիչներն ու աշակերտներ տուն կ'երթային դադարին, կը ճաշէին ու կը վերադառնային։ Իսկ մենք՝ շրջակայ գիւղերէն յաճախողներս, կ'ունենայինք մեր պաշարները (պիշուօրը)։ Ամէն աշակերտ կ'ուզէր իմանալ, թէ ընկերոջ ծրարին մէջ ինչ կայ: Երբեմն ոմանք չէին ուզեր ցոյց տալ իրենց պաշարը, որ կրնար ըլլալ՝ հաց, չոր-թուզ, չամիչ,

«պաստեղ», խաշած հաւկիթ, կտոր մը պանիր, իսկ երբեմն, տօնական օրերու շրջանին, թոնիրի «Ձիթուօն Բիկիէղ», պիպարով հաց, «Ճըֆթ»ով հաց, իսկ գարնան՝ հացին հետ քանի մը նոր հասած վարունգ, որուն անուշ հոտը կը հաւաքէր բոլորը ծրարին շուրջ։

Օր մը, իմ եւ եղբօրս պաշարը երկու հաց եւ տուփ մը թունա (թոն ձուկ) էր. Այդ ուտեստն ալ իր հոտը կը սփռէ: Յանկարծ, Փանոս Թրթռեան, շատ վառվռուն տղեկ մը, հետաքրքրութեամբ մօտեցաւ մեր ծրարին։ Իր հայրը վարպետ որսորդ էր, իրենց տան մէջ կաքաւ յաճախ կը գտնուէր եւ կաքաւի միսը իրեն ծանօթ էր։ Իսկ մենք ալ մեր կեանքին մէջ կաքաւի միս տեսած չէինք: Երբ տեսաւ թունայի միսը՝ «Կաքաւի մըսսիիկ է, կաքաւի մըսսիիկ» ըսելով, բոլոր աշակերտները մեր ծրարին շուրջ հաւաքեց։

Այսպէս, շատ ատեն տղաքը իրար հետ կը փոխանակէին իրենց ունեցած-չունեցածը։

Օր մը, պաշարս «սէմպուսէգ» էր: Լաթէ պայուսակի մը մէջ, որ մայրս կարած էր, մեր ուտելիքը անոր մէջ կը դնէինք։ Այդ օր սաստիկ անձրեւ էր: Մեր պաշտպանութեան միջոցը կ'ըլլար «փլաստիկ»է կարուած տարազ մը (մուշամպիկ), բաւական լայն, գլխարկով, բայց ոչ շատ ապահով (հովանոցներ կային բայց սաստիկ հովի պատճառով չէինք կրնար կառավարել): Փչած հովին պատճառով, այդ մուշամպիկը, լաթէ պաշարի պայուսակս չկրցաւ պաշտպանել։ Մինչեւ կէսօր, այդ պաշարը թրջուած գունդ մը խմորի վերածուեցաւ, եւ չկրցանք ճաշել։ Մինչեւ իրիկուն անօթի տուն վերադարձանք։

Դաշտի մուտքին կար քարաշէն փոքր սրահ մը: Հին կառոյց մը, ուր դիզած կ'ըլլայինք դպրոցի բոլոր գրասեղաններն ու նստարանները ։ Ամավերջի օրը նստարաններ կրելու օրն էր։ Դպրոցի կառոյցը, որպէս հասութաբեր ձեռնարկ կը շահարկուէր պանդոկի վերածուելով։ Ուրեմն պէտք էր, որ պարապ ըլլային դասարանները։ Նստարանները անխնայ կերպով կը դիզէինք հոն, այդ սենեակին մէջ։ Իսկ վերամուտին, ետ կը փոխադրէինք զանոնք դասարան։ Այս գործը աշակերտները բնաւ չէին սիրեր։

Աշնան, երբ  եղանակը ցրտէր, տնօրէնութիւնը կը յայտարարէր որ իւրաքանչիւր աշակերտի ծնող մի քանի իշու բեռ փայտ բերէ դպրոց։ Հօրս ալ վիճակուած էր «բռնկցնելիք» ապահովելը, քանի մը քուրձ «հանդոզ» եւ փոլ կամ փոր։ Հսկայ սրահին մէջտեղը կը զետեղէին փայտէ վառարան մը՝ մէկ հատ: Ասիկա դպրոցը ջերմացնող միակ միջոցն էր։ Իսկ ուսուցչարանը, այլ փոքր վառարան մը կար, յատուկ ուսուցչաց կազմին։ Ատիկա շատ լաւ եւ կանոնաւոր կը վառէր։ Իսկ այդ հսկայ վառարանը դժուար թէ տաքնար: Տղաքը անընդհատ կը խառնէին, մուխերը կը լեցնէին սրահը, հազ, աչքի արցունքներ, հարբուխ, ինչ ըսես հոն կը տեսնէիր, բայց ոչ տաքութիւն։

Մեր դպրոցական խաղերու եւ զբօսանքներու ժամանցները տեսակաւոր էին։ Տղաքը կը խաղային հոլ  (ֆըրրուկ), գնդակ, գնդիկ, ֆութպոլ, եւ ֆիզիքական տեսակաւոր խաղեր՝ մալումադ, աթաշ, համպիկ եւ այլն,  իսկ աղջիկները՝ սալուկ, տըրըզ, ձեռայիններ եւ այլն։ Իսկ ուսուցիչներէն ոմանք, զբօսանքին որսի կ'ելլէին, «տըպըխ» կը լարէին, թռչուն կը բռնէին, զէնքով կ'որսային։

Պրն. Ովսիա Փօլատեանին ժաքէթին գրպանը երբեմն ուռած կ'ըլլար, լեցուն թռչուններով։ Իսկ ամենագէշ պարագային նոյնիսկ պարապ չէր ըլլար, անպայման մի քանի թռչուն կ'ըլլար։

Շնորհքով արտաքնոցներ չկային։ Տղաքը շուրջի թուփերուն եւ մացառներուն ետին պահուած իրենց պէտքերը կը հոգային։ Ատոր ալ անունը «Ռազզուգ̈ին կէսլէօտ»ն էր եւ կամ «Դըրէօյը»։ Անշուշտ, այս օրուան աշակերտը նոյնիսկ պիտի չկարենայ երեւակայել այս երեւոյթը։ Մի քանի ամիս անց դպրոցական տարեշրջանէն, «կէսլէօտ»ին մէջ քալելը շատ վտանգաւոր կը դառնար, եթէ չափազանց ուշադիր չըլլայիր, լուրջ խայտառակութիւն կ'ըլլար։ Չարաճճի տղաք զբօսանքին նոյնիսկ հոն սիկարէթ կը ծխէին։

Դպրոցի կարգն ու սարքը կը հսկէր դպրոցի տնօրէնը։ Աշակերտներ շարքի կը կենային դասարանի կարգով, Պրն Պասմաճեանը աստիճաններուն գլուխը կեցած, ձեռքը թղթիկ մը, հոն արձանագրուած յայտարարութիւնները կը կարդար ընդհանուրին։ Եթէ անկարգութիւն պատահած ըլլար, անուններով կը կանչուէին մեղադրեալները, եւ շարքէն դուրս ելլելու էին, իսկ մնացեալ աշակերտները` իրենց դասարանները կ'աճապարէին։ Ես ալ երկու անգամ կանչուած եմ միւս մեղադրեալներուն հետ։ Կը յիշեմ մէկ պարագան։ «Ժիրայր Թրթռեան, Ալպերթ Աբէլեան, Ստեփան Աբէլեան», կարդացուեցան մեր անունները։ Նախորդ օրը երեքս դպրոցէն փախած էինք զբօսանքի պահուն, որպէսզի Քէօրքիւնէ հարսանիքի մը մասնակցէինք։ Կ'ըլլա՞յ որ մեր թաղը հարսանիք ըլլար եւ մենք բացակայէինք։ Աշակերտները բարձրացան դասարան, հեգնանքի նայուածքներ եւ քմծիծաղներ ուղղելով մեզի։ Վեր բարձրացանք եւ երեք անկարգներս քով- քովի շարուեցանք ։ Պրն Պասմաճեանը մօտեցաւ Ժիրայրին եւ շատ հանդարտ հարցուց. «Ու՞ր գացիք շաբաթ կէսօրէն ետք»: Պատասխանը՝ «հարսանիքի» եւ յանկարծ ուժգին ապտակը հասաւ։ Ապա` նոյնը ըրաւ Ալպերին (հանգուցեալ)։ Ես արդէն «չորցած» էի։ Մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Անոնց խօսքին ինչո՞ւ հետեւեցար», ու թեթեւ ապտակ մըն ալ ինծի տուաւ եւ հրամայեց անմիջապէս դասարան երթալ։

Աշակերտները այլ կերպ իրենց հաշիւները կը մաքրէին։ Գրեթէ ամէն մարդ տարեվերջին ընկերներուն հաշուեյարդարի սպառնալիք ունէր՝ «Վերջին օրը կը ցուցնեմ քեզի»։ Իսկապէս ալ, կռիւներ «կը փրթէին»  խումբերու բաժնուած տղոց միջեւ՝ ճամբան զիրար քարկոծել, գաւազաններով յարձակումներ, եւայլն։ Այս փորձառութիւնն ալ ունեցած եմ։

Տօնական օրերուն հնազանդօրէն կը հետեւէինք ուսուցչակազմին եւ եկեղեցի կ'ուղղուէինք։ Ապրիլ 24-ին, Վարդանանցին, Աւագ Շաբթուան, Ծնունդին, Նոր Տարուան, Տեառնընդառաջին, եւ այլ տոհմիկ տօներուն հանդէպ մեծ յարգանք ունէինք։ Կը յիշեմ, որ երբ մեծ դէպքեր պատահէին, օրինակ՝ նախագահ Քէնէտիի սպանութիւնը, տնօրէնութիւնը կ’որոշէր դպրոցը փակել այդ օրը եւ մեզ անմիջապէս ցրուել։

Դերենիկ Սրբազան Փօլատեանի անսպասելի եւ եղերական սպանութիւնը երբ պատահեցաւ, դպրոցը փակեցին, առ ի յարգանք գիւղի զաւակ Եպիսկոպոսին։Նմանապէս, տասնեակ առիթներու, քաղաքական իրադարձութիւններու, յեղափոխութիւններու եւ ազգը յուզող հարցերու պարագային այսպիսի որոշումներ շուտով ի գործ կը դրուէին։

Պիտի չմոռնանք, որ մեր ծովեզերեայ շրջանի կլիմային արձանագրութիւններու կեդրոնը «Ուշբաղէի» դաշտն էր։ Դաշտի մէկ անկիւնը ճերմակ խորհրդաւոր տուփ մը կար, ամէն օր այդ տուփին արձանագրութիւնը Պրն. Պասմաճեան հաւատարմօրէն կը տեղեկագրէր ու կը փոխանցէր առ որ անկէ։

Չորս տարիները շուտով անցան եւ ես նախակրթարանի աւարտական հանդէսին, որուն անհամբեր սպասած էի, ուր վկայականաց բաշխումը պիտի կատարուէր, չկրցայ ներկայ ըլլալ հիւանդութեան մը պատճառով։ Եղբայրս՝ Արա Աբէլեանը (այժմ՝ Տօքթ.) բեմ բարձրանալով ստացած էր վկայականս։ Մեր հանդէսները Սահակեան սրահին մէջ կ'ըլլային եւ միշտ կ'ընդգրկէին գեղարուեստական բաժին՝ երգ, պար, ասմունքներ, տրամախօսութիւններ եւ այլն։

Այսպէս էր մեր շատ պարզունակ դպրոցական օրերու ընթացքը։ Այս յուշերը մնալու են որ աշակերտը իր ունեցածը գնահատել գիտնայ։ Անշուշտ կեանքի հոլովը անընդհատ կը փոխուի եւ այդպէս ըլլալու է, որ սերունդները նուաճեն այս դժուարութիւնները եւ զարգանան ու զարգացնեն։

Քեսապցի հետեւեալ ուսուցիչները ինծի դասաւանդած են՝ Պրն. Ճօրճ Լնդեանշ, Պրն. Մարտիրոս Թութիկեան, Պրն. Ովսիա Փօլատեան (յետագային Տէր Զաւէն Քահանայ Փօլատեան), տնօրէն Պրն. Ժօզէֆ Պասմաճեան, օրիորդ Մանուշակ Սաղտճեան, օրիորդ Երջանուհի Սաղտճեան, օրիորդ Սաթենիկ Թրթռեան։